Հինգշաբթի, 22 Յունուար 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան ընդունեց ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի անդամները։
Պատուիրակութեան կ’ընկերակցէր՝ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Նորա Արուշեանը։
Ներկայ էին նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը եւ Ազգային Վարչութեան Անդամներ՝ Պրն. Յակոբ Պուլկարեան, Պրն. Թորոս Պապիկեան եւ Պրն. Զաւէն Չոգագլեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց պատուիրակութեան անդամները եւ Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով շնորհաւորեց ներկաները։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս գնահատեց ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի աշխատանքը եւ շեշտեց պատանիներու առողջ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ երաշխաւորելու համար վաղուան առողջ ղեկավարները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ