Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի միջեւ։ Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ յուշագիրը ստորագրեց «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, իսկ թանգարան-ինստիտուտին կողմէ՝ տնօրէն Էդիտա Գզոյեան։
Ստորագրուած յուշագիրին համաձայն կողմերը պարտաւորութիւնը կ՚ունենան համագործակցելու իրենց հաստատութիւններուն մէջ գտնուող արխիւային նիւթերու տրամադրման, գիտական աշխատանքներու աջակցութեան, համատեղ գիտաժողովներու, ցուցահանդէսներու ու հրատարակութիւններու կազմակերպման եւ այլ համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւններու շուրջ:
Այս յուշագիրը նոր քայլ մըն է համահայկական գիտական-կրթական ու մշակութային համագործակցութիւնը խորացնելու, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս ցեղասպանութեանց յիշողութիւնը պահելու աշխատանքին մէջ։