ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ (ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ)

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ (ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ)

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 1.1-17

Ս. Զատկուան յաջորդ Կիրակին կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ, որովհետեւ մեր Տիրոջ հրաշափառ Ս. Յարութեան առաջին կիրակիի յիշատակն է, որ նոր կեանքով ու անմահարար լոյսով կը ճառագայթէ մարդկութեան կեանքէն ներս:

Քրիստոս որպէս կեանք եւ լոյս եկաւ աշխարհ, որպէսզի փրկէ ու լուսաւորէ մեղքի ու խաւարի մէջ ապրող մարդոց հոգիները: Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ շատ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ Փրկիչին երկրաւոր առաքելութիւնը,ըսելով. «Կեանքը անով սկիզբ առաւ: Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է՝ որ խաւարին մէջ կը փայլի, բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն» (Յհ 1.4-5):
 

Քրիստոսի կեանքը՝ ծնունդէն մինչեւ Խաչելութիւն ու Յարութիւն,եղաւ յարատեւ պայքար խաւարին դէմ:
 

Ծննդեան վայրկեանին Հերովդէս ի զուր հալածեց եւ փորձեց սպաննել զայն: Առաքելութեան ընթացքին օրինապաշտ եւ փառասէր մարդիկ փորձեցին վերջ դնել Իր կեանքին, բայց չյաջողեցան: Եւ վերջապէս, խաւարասէր մարդիկ, իրենց ատելութեան գագաթնակէտին հասած՝ Խաչեցին ու գերեզմանի մէջ թաղեցին զայն, բայց դարձեալ չհասան իրենց նպատակին, որովհետեւ կարելի չէ լոյսը գերեզմանել:


Լոյսը կեանք է, իսկ հոգին անմահ, որ Քրիստոս Իր Յարութեամբ լուսաւորեց, քանդեց մահուն եւ խաւարի իշխանութիւնը: Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. «Մահը կլանուցաւ, յաղթանակը շահուեցաւ»:
 

«Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ»: «Մահուան խայթոցը մեղքն է. իսկ մեղքը իր ոյժը Օրէնքէն կ’առնէ: Բայց փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Ա Կր 15.55-57):
 

Նոր Կիրակին վերանորոգուելու, վերապրելու եւ բոլորիս համար լուսաւորուելու առիթ եւ միջոց պէտք է ըլլայ:
 

Ներկայիս աշխարհի մէջ խաւարը ահաւոր կերպով կը պատերազմի լոյսին դէմ: Մեղքը իր դժոխային զօրութեամբ աւեր կը գործէ հոգեւոր ու բարոյական աշխարհին մէջ: Ապականութիւններն ու մոլութիւնները անթափանց եւ սեւ վարագոյրի նման կը փորձեն ծածկել Յարութեան ու Կեանքի լոյսն ու շնորհքը: Սակայն այսօր եւս Քրիստոսի լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէ եւ խաւարը չի կրնար յաղթել անոր (Յհ 1.9.14):

Ուրեմն, այնքան ատեն որ մարդը իր աչքերը սեւեռած է յարութեան լոյսին՝ մեղքն ու խաւարը չեն կրնար յաղթահարել անոր (մարդուն):


Մարդը իր ազատ կամքով միայն՝ կրնայ մարել իր հաւատքի եւ յոյսի ջահը, երբ կամաւորապէս յանձնուի մեղքին, երբ սիրէ խաւարը՝ լոյսէն եւ մահը՝ կեանքէն աւելի: Ա՛յս է մարդկութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը, որ համազօր է անձնասպանութեան:
 

Դժբախտաբար, որքա՜ն մարդիկ,օրէ օր, խաւարը լոյսէն աւելի կը սիրեն: Մեղաւորներու թուային այս աճը՝ լոյսին ու շնորհքին տկարութեան հետեւանք չէ: Միեւնոյն լոյսն ու շնորհքն են որ կը ճառագայթեն,սակայն մարդոց չարագործութիւններն են, որ զիրենք կը հեռացնեն ու կը զրկեն աստուածային շնորհքներէն, այս բոլորը ահաւոր ողբերգութիւն է՝ մարդկութեան համար:
 

Ան որ կը մօտենայ Լոյսին՝ կը դառնայ լոյսի որդի: Ան որ կ’ընդունի Լոյսը եւ կը հաւատայ անոր՝ կը ստանայ Աստուծոյ որդին դառնալու շնորհքը, այլ խօսքով՝ որդեգրութեան շնորհքը, որմէ զրկուեցան Ադամն ու Եւան, իրենց կատարած մեղքին պատճառով:


Նոր Կիրակին Աստուծոյ որդեգիր դառնալու բացառիկ առիթ մըն է: Հետեւաբար՝ մօտենանք լոյսին, Յարուցեալ Փրկչին, հաւատքով ընդունինք զԻնք մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի Աստուծոյ եւ Լոյսի որդիները ըլլանք:

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ ԿԱՄ ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ
 

Զատկուան յաջորդ Կիրակին, որպէս Փրկիչի Յարութեան տօնին յաջորդող առաջին Կիրակին՝ կը կոչենք Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ:
 

Իսկ ինչո՞ւ Նոր Կիրակի:
 

Կիրակի կամ Կիւրակէ յունարէն է եւ կը նշանակէ Քրիստոսի Յարութեան նուիրուած օր: Նախապէս կիրակի բառը տարածուած չէր, այլ փոխարէնը՝ Միաշաբաթը, որպէս շաբթուան առաջին օր: Քրիստոս մեռելներէն Յարութիւն առաւ Միաշաբաթ օրը: Յետագային է, որ Միաշաբաթի փոխարէն տարածուեցաւ յունարէն Կիրակի բառը:
 

Յիսուս Յարութենէն ետք յաճախակի առիթներով երեւցած էր թէ՝ իր աշակերտներուն եւ թէ՝ այլ հաւատացեալներուն: Ան երկինքէն իջնելով զիրենք օժտեց աստուածային շնորհքներով, ինչպէս կանխաւ խոստացած եւ ըսած էր.«Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը: Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի» (Մր 16.15): Մէկ շաբաթ անց, առաքեալները վախնալով հրեաներէն, դուռ-պատուհան փակելով, կ’ապաստանին վերնատան մէջ, այդ օր իրենց կը յատնուի Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս: Այդ օր այնտեղ էր նաեւ Թովմաս առաքեալը, որ Յիսուսը չէր տեսած Յարութենէն ի վեր: Յիսուսի նախորդ յայտնութեան մասին առաքեալները իմացուցած էին Թովմասին, սակայն Թովմաս ըսած էր. «Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին՝ չեմ հաւատար» (Յհ 20.25): Յաջորդ հանդիպումին Տէրը կը կանչէ Թովմասին եւ կ’ըսէ. «Մատդ բեր՝ հո՛ս դիր եւ տե՛ս ձեռքերս. բե՛ր ձեռքերդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի՛ ըլլար, այլ՝ հաւատացեալ: Թովմաս բացագանչեց. Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս: Յիսուս ըսաւ անոր. -Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան» (Յհ 20.27-29): Հետեւաբար, առաքեալներուն ինչպէս նաեւ քրիստոնէութեան դիմաց նոր կեանք եւ նոր հորիզոններ բացուելուն պատճառաւ այս կիրակին կը կոչուի՝ Նոր Կիրակի:
 

Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող յիսուն օրերը կը կոչէ. (ՅԻՆՈՒՆՔ), այսինքն յիսուն օր: Յիսուն օրերն ալ նուիրուած են Քրիստոսի Յարութեան եւ այս ընթացքին պահք չենք պահեր:
 

Յինունքի եօթը կիրակիները առանձին անուններ ունին, կը կոչուին հետեւեալ անուններով. Նոր Կիրակի կամ կրկնազատիկ, Աշխարհամատրան կամ կանաչ կիրակի, Կարմիր Կիրակի, Երեւման Ս.Խաչի, Համբարձում հինգշաբթի օր, Երկրորդ Ծաղկազարդ, Հոգեգալուստ:

ՅԻՇԱՏԱԿ ԳԼԽԱՏՄԱՆ ՍՐԲՈՅՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՄԿՐՏՉԻՆ

ՄԱԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 14. 1-12:
 

«Այդ ատենները, Հերովդէս չորորդապետ լսեց Յիսուսի համբաւը եւ ըսաւ իր ծառաներուն.
 

-Անիկայ Յովհաննէս Մկրտիչն է. ա՛ն է որ մեռելներէն յարութիւն առած է, եւ այդ պատճառով է, որ հրաշքներ կը գործուին իր ձեռքով:
 

Քանի Հերովդէս ինքն էր, որ ձերբակալել, շղթայել եւ բանտ նետել տուած էր Յովհաննէսը, իր Փիլիպպոս եղբօր կնոջ՝ Հերովդիայի պատճառով: Որովհետեւ Յովհաննէս կ’ըսէր Հերովդէսի.
 

-Մեր Օրէնքը չի թոյլատրեր որ անոր հետ ամուսնանաս:
 

Այս պատճառով՝ Հերովդէս կ’ուզէր սպաննել Յովհաննէսը, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, քանի մարդիկ զայն իբրեւ մարգարէ կ’ընդունէին:
 

Արդ, Հերովդէսի ծննդեան տարեդարձը եկաւ: Եւ երբ Հերովդիայի աղջիկը հրաւիրեալներուն դիմաց պարեց, ասիկա ա՛յնքան հաճելի թուեցաւ Հերովդէսի, որ երդում ընելով խոստացաւ անոր տալ ի՛նչ որ ուզէր: Ան ալ նախապէս իր մօրմէն խրատուած ըլլալով, ըսաւ.
 

-Հիմա հոս, ափսէի մը վրայ, Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը տուր ինծի:
 

Թագաւորը շատ տխրեցաւ, բայց հրաուիրեալներուն դիմաց իր ըրած երդումին պատճառով՝ հրամայեց որ աղջկան ուզածը տան: Եւ մարդ ղրկելով՝ գլխատել տուաւ Յովհաննէսը բանտին մէջ: Դահիճը անոր գլուխը ափսէի մը վրայ բերաւ եւ տուաւ աղջկան, իսկ աղջիկն ալ տարաւ իր մօրը: Յովհաննէսի աշակերտները եկան, առին մարմինը եւ թաղեցին, ապա եկան պատմեցին Յիսուսի»: Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատումը յստակ կը դարձնէ, որ անօրէնութիւնը տիրապետող դարձած էր այդ օրերուն ընկերութեան մէջ:
 

Այսպիսով կը վախճանի մարգարէներուն գլուխը հանդիսացող Յովհաննէս Մկրտիչ: Յիսուս երբ կը խօսէր Յովհաննէսի մասին ըսաւ. «Այո վստահ եղէք, նոյնիսկ աւելի քան մարգարէ մը: Որովհետեւ Յովհաննէսի մասին է որ մարգարէութեան մէջ Տէրը կ’ըսէ. «Ահա պատգամաբերս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»: Վստահ եղէք, թէ մարդոց մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը չէ ծնած. սակայն երկնքի արքայութեան մէջ յետին եղողը Յովհաննէսէն մեծ է» (Մտ 11.9-11):
 

Բոլոր ժողովուրդը եւ հրեայ ղեկավարները կը յուզուին պատահածին եւ կը համոզուին, որ Հերովդէս չար թագաւոր մըն է եւ Աստուծոյ կողմէ տրուած բոլոր պատուհասները կը համարուին անօրէն թագաւորին եւ իր զօրքին պատճառաւ եկած են իրենց վրայ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան