ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

Կիրակի, 12 Ապրիլ 2026-ը կը կոչուի Նոր Կիրակի։ Զատկական Կիրակիէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող յիսուն օրերու շրջանը՝ ծանօթ է «Յինունք» անունով, նուիրուած է Յարութեան փառաբանանքին։ Յինունքի եօթը Կիրակիներէն իւրաքանչիւրը յատուկ անուն մը ունի։ Նոր Կիրակին կը կոչուի նաեւ «Կրկնազատիկ», որովհետեւ Զատկուան ութերորդ օրն է, եւ օրուան Ս. Գրային ընթերցումները եւ շարականները իրենց բովանդակութեամբ կը յիշեցնեն Զատկուան գաղափարները։

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ ԿԱՄ ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ

Զատկի յաջորդող առաջին Կիրակին կը կոչուի «Նոր Կիրակի», եւ կամ «Կրկնազատիկ»։ Ըստ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի, «Կրկնազատիկ» անուանումը ժողովրդական անուն մըն է, որ կը տրուի Զատկի ութերորդ օրուան՝ Նոր Կիրակիին։ Այս Կիրակիին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հանդիսաւոր կերպով կը նշէ Նոր Կիրակին կամ Կրկնազատիկը։ Տօնը հիմնուած է աւետարանական այն պատմութեան վրայ, երբ Քրիստոս վերնատան մէջ առաջին անգամ  կը յայտնուի աշակերտներուն՝ ուր Թովմաս առաքեալ կը բացակայէր։ Օրեր վերջ, Թովմաս առաքեալ երբ կը լսէ Քրիստոսի Յարութեան մասին՝ կ’ըսէ, թէ մինչեւ որ չտեսնեմ Յիսուսի ձեռքի եւ կողի վէրքերը, պիտի չհաւատամ Տիրոջ Յարութեան։ Յաջորդ Կիրակի Քրիստոս վերնատան մէջ կրկին կը յայտնուի իր աշակերտներուն եւ դարձեալ կ’ապացուցէ Իր Յարութեան հրաշալի իրողութիւնը։  Հայ Եկեղեցին այս Կիրակին կոչած է նաեւ «Կրկնազատիկ», քանի որ  առաջինով Յիսուս հանդիպեցաւ Իրեն հաւատացողներուն եւ զօրացուց անոնց հաւատքը, ապա Նոր Կիրակիի խորհուրդով, կամ աւանդաբար «Կրկնազատիկ»ով, Ան հաւատքի մէջ զօրացուց թերահաւատները։ Թովմաս առաքեալի տարակուսանքն ու թերահաւատութիւնը։ «Նոր Կիրակի»ի օրուայ խորհուրդին մէջ էապէս կը շեշտուի Քրիստոսի Յարութեան նկատմամբ մարդկային կասկածը, երկմտութիւնը, որ կարելի է տեսնել նաեւ նիւթապաշտական գաղափարաբանութեան մէջ: Մարդ արարածին հաւատքի կեանքին մէջ միշտ ալ կայ կասկածի, տարակուսանքի շրջան մը, ինչպէս կայ Զատիկը եւ անոր յաջորդող «Կրկնազատիկ»ը, նաեւ կայ Նոր Կիրակի մը՝ անդրադարձնելու համար թերահաւատները հաւատալու, ինչպէս նաեւ փաստ պահանջողները եւ Թովմաս առաքեալի նմանները։ «Նոր Կիրակի»ն ալ, այս իսկ պատճառով կոչուած է նաեւ «Կրկնազատիկ»՝ Զատկի ուրախութենէն զրկուածներու համար կրկին առի՛թ մը։ Յարութիւնը որ կը հաշտեցնէ, եւ իրարու հաղորդակից կը դարձնէ հոգին եւ մարմինը։

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան