ՆԵՐԵԼ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՊԷՍ ԱՊՐԵԼՈՒ ՈՒՂԻՆ

Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ոչ միայն հաւատալ Քրիստոսին, այլեւ ձգտիլ նմանիլ Անոր՝ մեր մտածելակերպով, պահուածքով եւ վերաբերմունքով։ Իսկ այդ նմանութեան ամենավառ դրսեւորումներէն մէկը՝ ներողամիտ ըլլալն է։ Քրիստոսի նման ըլլալը անհնար է՝ առանց ներելու ոգիին։

Յիսուսի խօսքը խաչին վրայ չի մնար վկայագիր մը անցեալէն. Անոր աղօթքը՝ «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» (Ղկ 23.34), բացայայտեց Աստուծոյ սիրտը եւ ցոյց տուաւ այն սիրոյ չափանիշը, որուն կարիքը ունի իւրաքանչիւր վիրաւորուած կամ կոտրած հոգի։

Յիսուս ներեց՝ առանց ներողութեան սպասելու։ Ներեց Յուդային, որ մատնեց զինք։ Պիղատոսին, որ զինք խաչեց ամբոխը գոհացնելու համար։ Զինուորներուն, որոնք չարչարեցին, ծաղրեցին եւ ջուրի փոխարէն քացախ տուին Իրեն։ Յիսուս ներեց զինք խաչողները։ Եւ այս տեսակի ներողամտութիւն ճշմարիտ սրբութիւն է. որովհետեւ ներեց եւ սիրեց Յիսուս նոյնիսկ երբ ներողութիւն չխնդրեցին իրեն։

Շատեր կը շփոթեն ներելը մոռնալու կամ արդարացնելու հետ։ Բայց ներելը այդ չէ։ Ներելը չի ջնջեր տեղի ունեցածը, բայց կը փոխէ սրտին դիրքն ու հոգեկան կեցուածքը։ Ներելը գիտակից որոշում մըն է՝ չապրիլ ատելութեամբ, չկաշկանդուիլ անցեալով եւ չթունաւորել հոգին վիրաւորանքի յիշողութեամբ։

Երբ չենք ներեր, խորքին մէջ չենք պատժեր մեզ վիրաւորած անձը, այլ՝ մենք զմեզ։ Բարկութիւնը, վրէժխնդրութիւնը եւ մշտական մեղադրանքը մաշեցնող ուժեր են, որոնք ներսէն կը քայքայեն մեր հոգին, կը խլեն մեզմէ խաղաղութիւնն ու ուրախութիւնը։
Աւելին՝ անոնք կը փակեն մեր հոգին Աստուծոյ ներկայութեան առջեւ, որովհետեւ Աստուած կը բնակի այն սրտերուն մէջ, որոնք ազատ են չարութենէ, ատելութենէ ու նախանձէ եւ համընկած են Իր կամքին։

Ներումը հոգեւոր աճի նախապայմանն է։ Քրիստոսի նմանութիւնը չի սկսիր անթերի վարքով, այլ՝ ներողամիտ սրտով։ Հոգեւոր աճը չի չափուիր գիտելիքով կամ պաշտամունքով միայն. չէ՞ որ սատանան ալ կը գիտէ որ Աստուած կայ (Յկ 2.19)։ Ճշմարիտ հոգեւոր աճը կը բացայայտուի սիրելու կարողութեամբ։ Սրտեր, որոնք սորված են սիրել. իսկ ճշմարիտ սէրը՝ միշտ ներող է։

Աստուածաշունչը մեզ կը հրաւիրէ այս կեանքի ոճին. «եթէ մարդոց ներէք իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի։ Իսկ եթէ մարդոց չներէք իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեր յանցանքները։ (Մտ 6.14-15):

Այս խօսքերը զգուշացում չեն միայն, այլ հրաւէր են՝ ապրելու Աստուծոյ ազատող սիրոյ ներքին իրականութեան մէջ։ Քրիստոս մեզ միայն սիրել չսորվեցուց, այլ նաեւ՝ ներել։ Եւ մենք իսկապէս կը նմանինք Անոր, երբ սորվինք ներել նաեւ այն անձերուն, որոնք երբեք ներողութիւն չեն խնդրած։

Ներել՝ կը նշանակէ քալել Քրիստոսի հետ։ Ներել՝ կը նշանակէ ըսել. «Ես այլեւս չեմ ապրիր անցեալովս, այլ՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ»։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան