
Պսակի արարողութեան ընթացքին, փեսային եւ հարսին գլխուն դրուած կարմիր-կանաչ-ճերմակ ոլորուն երիզն է նարօտը, որուն ծայրը փոքր խաչ մը կայ, ինչ որ կը հանգչի պսակուող ամոլներու ճակատներուն:
Ներկայիս որպէս նարօտ կը գործածուի բոլորակի շղթայ մը, որուն կեդրոնին գտնուող խաչէն շառաւիղուող չորս շղթաներ նարօտը կը պահեն փեսային եւ հարսին գլխուն, իսկ առջեւը գտնուող շրջանակուած գեղեցիկ երկրորդ խաչ մը կ’իջնէ պսակուողներու ճակտին:
Ներկայիս, կարգ մը եկեղեցիներէ ներս թագ կը գործածուի փոխան նարօտին:
ԽՆԿԱՄԱՆ

Խնկարկութեան ընթացքին բուռվարակիր սարկաւագին ձախ ձեռքը գտնուող սպասն է խնկամանը, որուն մէջ խունկը կը դրուի:
Խնկարկութենէն առաջ, սարկաւագը բուռվարը ձեռքին, կը մօտենայ աւագերէցին, ժամասացին կամ եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետող հոգեւորականին եւ խունկը օրհնել կու տայ: Խնկամանին մէջ փոքր դգալ մը կը գտնուի օրհնուած խունկը բուռվարին մէջ դնելու համար:
Խնկամաններ կրնան կափարիչ ունենալ կամ ոչ:
Խնկամաններ յաճախ կրնան արուեստի գործ ըլլալ՝ զարդարուած քանդակներով եւ Հայց. Եկեղեցւոյ կաթողիկէներով: Այս երեւոյթին կրնանք ականատես դառնալ, երբ այցելենք մեր կաթողիկոսութեանց գանձատուները: