Այսօրուան աշխարհը շատ անգամ կը թուի անկարգ, անորոշ եւ խռովարար։ Այս բոլորի մէջ յոյսը կը փայլի իբրեւ լոյսի ճառագայթ, որ կ’առաջնորդէ մեզ ամենէն խաւար պահերուն։ Յոյսը պարզ զգացում մը կամ անցողիկ երազ մը չէ․ ան ուժ մըն է, որ տոկունութիւն կու տայ, կը ներշնչէ եւ կը յիշեցնէ մեզի, թէ նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն ամէն բան վերջ չէ գտած եւ միշտ լաւին հնարաւորութիւն կայ։
Ի՞նչ է յոյսը
Յոյսը այն ներքին ձայնն է, որ «շարունակէ՛» կը մրմնջէ։ Այն հաւատքն է, թէ որքան ալ ներկայ պահը ծանր ու դժուար թուի, ապագան կրնայ նորոգութիւն բերել։ Բայց, յոյսը կոյր լաւատեսութիւն չէ, այլ գիտակից ընտրութիւն՝ վստահելու, որ Աստուծոյ ձեռքով դրական ելք կրնայ յառաջանալ։ Աստուածաշունչը այս մասին կը վկայէ, երբ Պօղոս առաքեալ կը գրէ՝ «Յոյսի պարգեւիչ Աստուածը թող ձեզ ամբողջական ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ լեցնէ՝ իրեն հադէպ ունեցած ձեր հաւատքովը, որպէսզի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ յոյսով առատանաք» (Հռոմ. 15:13)։ Ուրեմն, յոյսը Աստուծոյ պարգեւն է, զոր կը ստանանք երբ մեր ուժերը կը սպառին։
Ինչո՞ւ յոյսը կարեւոր է
Առանց յոյսի, դիւրին կ’ըլլայ յուսախաբութեան մէջ ընկրկիլ եւ զգալ, որ կեանքը փակուղի է։ Յոյսը սակայն մեզի լաւատեսութեամբ կը զինէ, առանց որուն դժուար է կեանքի հաճոյքը վայելել։ Յոյսը մեզի կը մղէ չդադրիլ երազելու եւ հաւատալու, որ վաղը կրնայ աւելի պայծառ ըլլալ։
Բացի ասկէ, յոյսահատութիւնը անմիջական ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր հոգեկան ու մտային առողջութեան վրայ։ Հետազօտութիւններ կը փաստեն, որ յոյսով զինուած մարդիկ աւելի տոկուն են, նուազ ճնշուած եւ երջանիկ։ Իրապաշտ ըլլալու համար, յոյսը չի վերացներ մեր ցաւերը, բայց մեզ կ’ոււղղէ վճռակամութեամբ անցնիլ անոնց բովէն:
Ինչպէ՞ս աճեցնել յոյսը
Կարելի է պահեր ունենալ, երբ կը զգաս թէ յոյսդ մարած է։ Բայց յոյսը մկանի մը պէս է․ որքան աւելի գործածես, այնքան աւելի կը զօրանայ։ Ահա քանի մը կարեւոր ուղեցոյցեր, որոնք կրնան օգնել քեզի յոյսով ապրելու։
- Վստահիր Աստուծոյ անսուտ Խօսքին – Աստուածաշունչը լեցուն է խոստումներով, որոնք կը յիշեցնեն մեզի Աստուծոյ մեր կեանքին մէջ ներկայութեան։ Բազմաթիւ համարներէն յիշենք հետեւեալը. «Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու» (Երեմիա 29.11)։
- Ընկերացիր ճիշդ մարդոց հետ – Սաղմոս 1-ը կը սորվեցնէ, որ օրհնութիւն է Աստուած ճանչցողներու հետ քալել։ Ճիշդ ընկերներն ու հաւատքի եղբայրները անփոխարինելի են, որովհետեւ դժուար պահերուն կողքիդ կը կանգնին ու միշտ կը քաջալերեն քեզ չյուսահատիլ։
- Ուշադրութիւն դարձուր փոքր յաջողութիւններուդ – Երբ կեանքը ծանր կը թուի, փորձէ՛ նկատել եւ արժեւորել փոքր յաջողութիւններդ։ Անոնք ալ մեծ նշանակութիւն ունին եւ սիրտդ լոյսով կը լեցնեն։
- Գոհունակութեան ոգի մշակէ – Ամէն օր մտածէ՛, թէ ինչի համար կրնաս շնորհակալ ըլլալ։ Նման մտածում մը կը սորվեցնէ տեսնել լոյսը նոյնիսկ ամպոտ օրերուն։
Այս բոլորը քայլեր են, որոնք կը սնուցանեն եւ կը զօրացնեն մեր յոյսը։ Իսկ յոյսը, երբ Աստուծոյ վրայ դրուած է, միշտ կրնայ վերականգնուիլ ու առաջնորդել դէպի աւելի լուսաւոր ապագայ։
Յոյսը գործի մէջ
Յոյսը միայն ներքին զգացում մը չէ։ Ան մեզ կը մղէ գործելու։ Երբ յոյս ունինք, կը ցանկանք ծառայել ուրիշներուն, լոյս ըլլալ շրջապատին եւ նպաստել աւելի լաւ ապագայի։ Սիրոյ, քաղցրութեան եւ ծառայութեան ամէն քայլ՝ յոյսի սերմ մըն է այս աշխարհին մէջ։
Վերջապէս, կեանքի որեւէ հանգրուանի յիշեցէ՛ք, որ յոյսը երբեք հեռու չէ։ Սաղմոսագիրին հետ միասին մենք ալ կրնանք կրկնել․ «Տէ՜ր, դո՛ւն ես յոյսս» (Սղ 39:7)։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան