Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Բ. Կր 10.18 -11.10):
«Կը վախնամ որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը՝ որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր Աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի» (Բ.Կր 11.4):
Պօղոս առաքեալ, Քրիստոսի ուսուցած առողջ հաւատքին կառչած մնալու եւ Աւետարանին բերած անստուեր լոյսին հետեւելու առաջադրանքէն մեկնած, կորնթացիներուն կը պատուիրէ չխաբուիլ վատառողջ տեսութիւններէն, կեղծ քարոզութիւններէն եւ շինծու ուսուցումներէն, որոնք երկմտանքի կը մատնեն նորահաւատները, հարցականի տակ առնելով անհերքելի հաւատալիքները:
Խաւարամիտ եւ ճշմարտութեան հակառակորդ սուտ քարոզիչներ կը նենգափոխէին Քրիստոսի կտակած սուրբ աւանդը, որպէսզի ծառայեցնեն իրենց սեփական քմահաճոյքներուն եւ անառակ ցանկութիւններուն: Առաքեալը ուղիղ դաւանութեան հետամուտ ըլլալու կոչ կ’ուղղէր, դիտել տալով թէ հաւատքը ամբողջական նուիրումով կը շաղախուի, եթէ արմատանայ Քրիստոսի ողջմիտ վարդապետութեան վրայ, ապա թէ ոչ՝ դիւրաւ կ’ենթարկուի մոլորեցնող հոսանքներու:
Չարափոխուած քարոզութիւններն ու խաբեբայ խօսքերը անկեղծ սիրոյ սերմերը խլելով նորադարձներէն, հաւատուրացութեան պարարտ ենթահող կը պատրաստեն: Ահա թէ ինչո՛ւ եկեղեցի յաճախելը անհրաժեշտ պահանջք պէտք է նկատուի: Անհաւատն ալ կրնայ Ս. Գիրք ունենալ եւ առանձնաբար սերտել, սակայն այդ սերտողութիւնը, անձնական վերլուծումներու եւ շփոթեցուցիչ տեսութիւններու մեծ վտանգին դուռ կը բանայ:
Հոս կը կայանայ եկեղեցւոյ կեդրոնական դերը: Ան մեր հայրերուն հաւատքով դրոշմուած, սուրբերուն աղօթքներով պարսպուած հաւատքի միջնաբերդ է, անով կը ստանանք առողջ դաստիարակութիւն եւ անխարդախ ուսուցում ու իր առաքելահիմն դրուածքով կը ճաշակենք Տիրոջ կենարար խօսքին քաղցրութիւնը:
Ինչպէս որ այգին առանց ցանկապատի ենթակայ կ’ըլլայ աւազակներու յարձակումներուն, այնպէս ալ առանց եկեղեցիի՝ ճշմարտութեան սիւնին եւ խարիսխին (Ա. Տմ 3.16) հաւատացեալը դիւրաւ կ’ինայ խաւարասէրներու լարած թակարդներուն մէջ:
Եկեղեցին սրբապղծութիւն կը սեպէ որեւէ չարափոխուած մեկնութիւններ: Ան հրապարակաւ կը դատապարտէ աղանդաւորական շարժումներն ու անոնց տեսութիւնները:
Պօղօս առաքեալ կը յիշեցնէ, որ ինք՝ «Աւետարանին դեսպանը» (Եփ 6.20) ըլլալու պաշտօնին կանչուած է, սոյն հաստատումէն կ’եզրակացուի թէ եկեղեցին Աւետարանին Դեսպանատունն է:
Ներկայիս, շատ մը խմբակներ ինքնանկախ, հեռո՜ւ եկեղեցւոյ հովանիէն, շռայլ եւ կեղծ ծանուցումներով, մարդահաճոյ միջոցներով որսորդութեան արշաւանքի լծուած են ինչ-ինչ նկատառումներէ առաջնորդուած: Այդպիսիները կոյր մտքով, ապականած խիղճով կը մտնեն տունէ տուն, նոր գաղափարներ կը փոխանցեն եւ տարօրինակ հաստատումներ կը կատարեն առաքեալի խօսքերով. «Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան» (Բ. Տմ 3.5). Աւելին՝ «Կը յայտարարեն թէ կը ճանչնան զԱստուած, բայց իրենց գործերով կ’ուրանան զայն, քանի որ պիղծ են, անհնազանդ եւ որեւէ բարի գործի անպէտ» (Տիտ 1.16):
Սիրելի՛ հայորդիներ, Տիրոջ ընտիր մշակները եւ ճշմարիտ աշակերտները դառնալու համար կանչուած ենք հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի ուսուցումներուն, որովհետեւ անոնք քրիստոնէական հաւատքին ողնասիւնը եւ առաքելահիմն եկեղեցւոյ վաւերական դիմագիծը կը կազմեն: