«Յիսուսի Փոքրիկները»

Շաբաթ, 28 Մարտ 2025-ին, Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան այցելեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագիրը։

Տիկ. Հուրինա Պէրպէրեան նախ ներկայացուց Ծաղկազարդի պատմութիւնը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ հովիւներուն եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանին, այցելեց մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն, օրհնեց զանոնք եւ շնորհաւորեց գալիք Ծաղկազարդի տօնը՝ խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն մաղթելով։

Ուրախ մթնոլորտը աւելի խանդավառ դարձաւ նապաստակի անակնկալ այցելութեամբ, որ մեծ ուրախութիւն պատճառեց փոքրիկներուն։ Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը յանձնեց Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած նուէրներն ու շոքոլատներով ու շաքարներով լեցուն տոպրակները։

Խմբանկարով մը անմահացնելէ ետք այս գեղեցիկ պահը, Սրբազան Հայրը առիթ ունեցաւ զրուցելու երիտասարդ ծնողներուն հետ։

Հանդիպումը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ։ Որմէ ետք, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ ծրագրի պատասխանատուներուն հետ՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը, որ կը նպատակադրէ մեր մանուկներուն սրտերուն մէջ Աստուծոյ սէրն ու գիտութիւնը սերմանել։