
Շաբաթ, 17 Յունուար 2026-ին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագրի տարուան առաջին հանդիպումը։ Հակառակ աննպաստ օդին, ծնողները եւ իրենց փոքրիկները ներկայ գտնուեցան լսելու Աստուածաշունչի պատմութիւններէն, զոր ներկայացուց Տիկ. Հուրինա Պէրպէրեանը։

Պատմութեան ժամէն ետք Յիսուսի Փոքրիկները ձեռային աշխատանք ունեցան եւ հիւրասիրութեամբ վերջ գտաւ հաւաքը։

Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր փոքրիկները միանալու յաջորդ գեղեցիկ եւ ուսուցողական համախմբումին որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 31 Յունուար 2026։