Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Բ.Կր 13.5-13):
«Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5):
Կորնթոսի քրիստոնեաներու ուղղուած երկրորդ նամակը գրուած է Պօղոս առաքեալի երրորդ ճամբորդութեան ընթացքին: Առաքեալը կը խօսի կորնթացիներուն հետ իր ապրած դժուար ու անձուկ պահերուն մասին: Պարծանքով կ’ըսէ, որ ինք անոնց հանդէպ խնամող հայր եղած է, պարզ ու անկեղծ գտնուած եւ միշտ անսահման սէր տածած՝ անոնց հանդէպ:
Կորնթոսի եկեղեցին երկպառակութեան մատնուած էր: Ոմանք Պօղոսի դէմ ելած էին եւ սուտ ու կեղծ առաքեալներու կը հետեւէին: Պօղոս առաքեալ իբրեւ նախանձայոյզ, ճշմարիտ քարոզութեամբ կը նզովէ անոնց, որոնք իր քարոզած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզեն. «Բայց ով որ մեր քարոզածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ ալ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկինքէն հրեշտակ մը՝ անիծեալ ըլլայ», կ’ըսէ (Գղ 1.8-9): Կը խարազանէ այդ քարոզիչները, որոնք մարդկային նկատառումներէ թելադրուած՝ կը պարծենան: Ինք անոնցմէ աւելի պարծենալու արժանի է եւ կը պարծենայ որ Քրիստոսի ծառան է, անոնցմէ աւելի աշխատած, աւելի բանտարկուած, շատ աւելի խոշտանգուած ու մինչեւ մահուան դուռը հասած: Տառապած է ոչ միայն անձնապէս, այլ ուրիշներու ցաւերով: Ինք այս բոլոր նեղութիւններով, տագնապներով ու տկարութիւններով կը պարծենայ, եւ զանոնք դաստիարակիչ նկատելէ բացի՝ կ’ընդունի որպէս հաւատքը զօրացնող յատկութիւն:
Երրորդ անգամ ըլլալով առաքեալը կը պատրաստուի կորնթացիներուն այցելել, երբ կը լսէ, որ անոնք հաւատարիմ չեն մնացած իր քարոզութեան ու դարձեալ կը հետեւին խռովութիւններու, հեթանոսական բարքերու եւ ապականութիւններու: Կը թելադրէ անոնց, որ հեռու մնան հեթանոսական կեանքէն, չյարաբերին անբարոյ մարդոց հետ, որոնք թէպէտ քրիստոնեայ եղբայր կը կոչուին, բայց պոռնկութիւն կ’ընեն, կռապաշտ են, բամբասող, գինեմոլ եւ յափշտակող: Առաքեալը կը զգուշացնէ որ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են, պէտք չէ անօրինութեան ծառայեն: Ս. Հոգիի, որ Աստուծմէ ստացան եւ իրենց մէջ կը բնակի: Իրենք իրենց անձերուն տէրերը չեն, այլ Աստուծոյ՝ որ փրկագինով զիրենք գնեց: Հետեւաբար, պէտք է ապրին այնպէս, որ Աստուած փառաւորուի անոնց մարմիններով (Ա.Կր 6.20):
Աստուածային ճշմարտութիւնները եւ պատուէրները անփոփոխ են, որովհետեւ Քրիստոս անփոփոխ է. «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր 13.8): Այս պատճառով առաքեալը կը հարցնէ, թէ միեւնոյն հաւատքին մէջ մնացա՞ծ են, զոր ընդունած են մկրտութեան ժամանակ:
Հոգեպէս վերանորոգուելու եւ Քրիստոսի ներկայութիւնը զգալու համար անհրաժեշտ է Քրիստոսի միանալը: Անոր ապաւինելով միայն կարելի է փոխուիլ այս կեանքին մէջ, որովհետեւ «Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է, այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» (Բ.Կր 5.17):
Իւրաքանչիւր հաւատացեալ Աստուծոյ բնակարանն է եւ իր հոգին հաղորդակից է Աստուծոյ, եթէ անշուշտ հաւատարիմ մնացած է Աստուծոյ շնորհքին, անարատ պահած է Աստուծոյ տաճարը եւ չէ ապականած ու սատանայի բոյն դարձուցած:
Քրիստոսը ընդունիլը եւ գործադրել անոր պատուիրանները, բաւական է Աստուծոյ հաճելի ըլլալու եւ փրկութեան հասնելու համար, որիվհետեւ «Քրիստոսի մէջ ծածկուած կը գտնուին Աստուծոյ իմաստութեան ու գիտութեան ամբողջ գանձարանը» (Կղ 2.3):
Անհրաժեշտ է հաշտուիլ Աստուծոյ հետ, որովհետեւ Ան մեզի համար պատարագեց իր Որդին, Ան՝ որ բնաւ մեղք չէր գործած, որպէսզի մենք Անոր միջոցաւ արդարանանք Աստուծոյ դիմաց:
Առաքեալին նոյն հարցումը մեզի ուղղուած է այսօր: Հաւատարիմ մնացա՞ծ ենք աստուածային որդեգրութեան շնորհքին, Յիսուս Քրիստոսի փրկութեան աւետարանին, մեր լուսապաշտ հայրերու աւանդութիւններուն եւ մեր տոհմիկ ժառանգութեանց:
Ուրեմն, հաւատարիմ մնանք հաւատքի սրբազան կտակին, ապրի՛նք իմաստութեամբ եւ սրբութեամբ, որպէսզի արժանի ըլլանք Աստուծոյ տաճար ու բնակարան դառնալու:
ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (11.27-33)

Յիսուսի Իշխանութեան Հարցը
Յիսուս եւ իր աշակերտները դարձեալ Երուսաղէմ եկան: Մինչ Յիսուս տաճարին մէջ կը պտըտէր, իրեն մօտեցան աւագ Քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչները ու երէցները եւ հարցուցին.
-Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները: Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ:
Յիսուս պատասխանեց անոնց.
-Լաւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք:
Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն թէ մարդոցմէ:
Պատասխանեցէ՛ք տեսնեմ:
Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել.
-Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ տրուած էր», մեզի պիտի ըսէ՛թէ ինչո՛ւ չհաւատացիք իրեն. Իսկ «Մարդոցմէ էր» չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է:
Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի.
-Չենք գիտեր:
Յիսուս ալ իրենց հարցումին պատասխանելով ըսաւ.
-Այն ատեն՝ ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ այս բաները:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, իմաստութեամբ եւ հեղինակութեամբ կ’ուսուցանէր: Այս իրողութիւնը պատճառ դարձաւ որ շատեր Յիսուսին ընդմէջէն տեսնեն փրկութեան հրաւէրը: Իսկ խումբ մը եբրայեցի կրօնաւորներ (փարիսեցիներ, դպիրներ, Օրէնքի ուսուցիչներ) Քրիստոսի նկատմամբ բարկութեամբ եւ նախանձով կը լեցուէին, որովհետեւ Յիսուս կը բացայայտէր անոնց խաւարային նենգամտութիւնները եւ գործերը:
Մարկոս աւետարանիչ պարզելով անոնց թշնամական մօտեցումը կ’ըսէ. «Աւագ Քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները լսեցին ասիկա եւ սկսան միջոց մը փնտռել, թէ ինչպէս սպաննել զԱյն: Անոնք Յիսուսէ կը վախնային, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդը կը հիանար Անոր ուսուցումներուն վրայ» (Մր 11.18):
Ասոր համար Օրէնքի ուսուցիչները թակարդներ լարելով կը փորձէին ամբաստանել Յիսուսը այն համոզումով, թէ կը յաջողին զԻնք ծուղակը ձգել եւ ձերբակալել:
Յիսուս Երուսաղէմի տաճարէն դուրս դրաւ եւ վտարեց բոլոր անոնք, որոնք աւազակներու որջի վերածած էին աղօթքի վայրը, ցոյց տալով Իր տան հանդէպ ունեցած բծախնդրութիւնը: Այս մէկը հաճելի չթուեցաւ եբրայեցի կրօնաւորներուն, որոնք Յիսուսի հարցուցին. «Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները: Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ»: Յիսուս պատասխանեց. «Լաւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք: Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն թէ մարդոցմէ» (Մր 11.29-30): Ահաւասիկ հարցում մը, որ կը բացայայտէր այդ կրօնաւորներուն ներքին մտածողութիւնը եւ կը թափանցէր անոնց հոգիին խորքը, տեսնելու թէ արդեօք հաւատքի թթխմոր ունի՞ն կամ ոչ: Անոնց պատասխանը կ’ըլլայ. «Չենք գիտէր» (Մր 11.33): Փաստօրէն Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութիւնը մութ կը թուէր անոնց համար, հետեւաբար Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնն ալ անհասկանալի պիտի համարուէր իրենց: Ինչպէ՞ս կրնային հաւատալ Քրիստոսի Աւետարանին, երբ չէին հասկցած վերջին մարգարէին՝ Յովհաննէս Մկրտիչին մկրտելու նպատակը:
Այսօրուան աւետարանական հատուածին մէջ կը տեսնենք հիմնական երկու հոգեւոր ճշմարտութիւններ.
ա. Եբրայեցիները չէին հասկցած մարգարէական խոստումները, որոնք պիտի իրագործուէին Քրիստոսով, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ. «Պէտք էր որ իրականանային Մովսէսի Օրէնքի գիրքին, մարգարէական գիրքերուն եւ Սաղմոսներուն մէջ Իմ մասիս գրուածները» (Ղկ 24.44):
բ. Մարգարէական գրութիւններուն լոյսին տակ աւելի յստակ կարելի է ըմբռնել Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան