«ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ։ Ա՛ՅՍ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՈՒԽՏԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը, խօսուած Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Սրբոց Նահատակաց Յուշարձան-Մատրան առջեւ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքին:

— — —

Դա՛րձեալ Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդով ու պատգամով պարուրուած է հայ կեանքը ամէնուրեք: Արդարեւ, որքան ալ տարիները մեզ հեռացնեն 1915 թուականէն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ստուեր պիտի չտեսնէ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Որքան ալ տարիները թաւալին, հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը նահանջ պիտի չարձանագրէ գալիք սերունդներու հաւաքական պայքարին մէջ: Վկա՛յ՝ անցնող 111 տարիները: Վկա՛յ՝ նոր սերունդներու ամուր կամքը, վճռական ոգին ու անտեղիտալի պայքարը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման որպէս մեկնակէտ ու նպատակակէտ, Մենք ճշդած էինք յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել նշանաբանը: Հետագային 100-ամեակի ծրագրումի համազգային մարմինը նախընտրեց միայն «Յիշում եմ եւ Պահանջում» տարբերակը։ Սակայն, Մենք կառչած մնացինք Մեր սկզբունքային տեսակէտին վրայ, որովհետեւ, յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել սերտօրէն ընդելուզուած են, զիրար կ’ամբողջացնեն եւ ռազմավարական խորունկ իմաստ ունին: