
Աւագ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2026-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Տասը Կուսանաց»ի յիշատակը խորհրդանշող արարողութիւնը։
Արդարեւ, երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, ինչպէս նաեւ Ս. Գրային ընթերցումները կատարեցին եկեղեցւոյս կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտուհիները։ Արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ․ Տ․ Գարեգին Ծ․ Վրդ․ Շխրտմեան եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան:

Աւարտին, Արժ. Տէր Հայրը ներկաներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդը ըսելով, «Ճրագը մեր կեանքը լուսաւորող հաւատքի խորհրդանիշն է, իսկ ձէթը խորհրդանիշն է յոյսի եւ սիրոյ որ կը սնուցանէ եւ պտղաբեր կը դարձնէ հաւատքի լոյսը եւ կեանքը»: Ապա փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կարողացանք տօնել Տասը Կոյսերու յիշատակը, շնորհակալութիւն յայտնեց կիրակնօրեայ դպրոցի անձնակազմին, որոնք շատ տպաւորիչ եւ գեղեցկօրէն պատրաստած էին օրուան խորհուրդը դրսեւորող արարողութիւնը: Աւարտին Օրհնութիւն կատարուեցաւ եկեղեցական կարգ մը զգեստներու եւ շապիկներու:








