ՅԻՇԱՏԱԿ  Ս. ՅՈՎԱԿԻՄԻ ԵՒ ԱՆՆԱՅԻ                   ԾՆՈՂԱՑ Ս. ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄԻ ԵՒ ԻՒՂԱԲԵՐ ԿԻՆԵՐՈՒ

Սուրբ Յովակիմի եւ Աննայի անունները անմիջական կապ ունին Յիսուսի հետ, որովհետեւ Աստուածամօր ծնողներն են: Ըստ աւանդութեան, բարեպաշտ եւ մեծահարուստ Յովակիմը Դաւիթ Մարգարէի թագաւորական ցեղէն էր, իսկ Աննա՛ Քահանայական տոհմէ էր: Օր մը, Յովակիմ տաճարին մէջ գտնուած ժամանակ, երբ իր տարեկան քաւութեան պատարագի զոհը պիտի մատուցանէր, օրուայ քահանայէն կ’անտեսուի, որովհետեւ անզաւակ էր: Այս արտայայտութենէն վշտացած, Յովակիմ անմիջապէս կը թողու իր զոհը տաճարին մէջ եւ կ’առանձնանայ եւ կ’երդնու, որ տուն պիտի չվերադառնայ, մինչեւ որ իր խնդրանքը իրականանայ: Յովակիմի օրինակին կը հետեւի նաեւ Աննա իրենց տան մէջ, նուիրուելով աղօթքի: Աննա իրենց տան պարտէզին մէջ կը նկատէ թռչուններ, որոնք իրենց ձագուկներով կը զբաղէին, կը տխրի կու լայ եւ կ’ըսէ, ես այս թռչուններուն նման ալ չեմ, որովհետեւ զրկուած եմ մայրանալէ: Նոյն պահուն Տիրոջ հրեշտակը կը յայտնուի եւ կ’աւետէ, որ զաւակ մը պիտի ունենայ, եւ բոլոր ազգերը երանի պիտի տան իրեն: Նոյն տեսիլքը կ’ունենայ նաեւ Յովակիմ: Ի լրումն ժամանակի Աննա կ’ունենայ իր զաւակը եւ զայն կը կոչեն Մարիամ, որ կը նշանակէ Լուսաւորեալ:

Իւղաբեր կիները Ս. Կոյս Մարիամի հետ ականատեսներն էին Յիսուսի չարչարանքներուն,  եւ առաջին վկայող աւետաբերները՝ Անոր Յարութեան:

Իւղաբեր կիները Յիսուսի հետեւեցան իր ամբողջ երկրաւոր կեանքի առաքելութեան ընթացքին: Եկեղեցւոյ կողմէ անոնք կոչուեցան «Իւղաբեր» կիներ, որովհետեւ Կիրակի առաւօտ կանուխ գերեզման գացին, Յիսուսի մարմինը անուշահոտ իւղերով օծելու: Անոնք նաեւ վերնատան մէջ էին Յիսուսի երեւումներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Հոգեգալուստի օրը, երբ Ս. Հոգիին շնորհքները հանգչեցաւ ներկաներուն վրայ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան