ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ

 Հայաստանեայց Առաքելական  Ս. Եկեղեցիները  տարուան  հինգ տաղաւար (կարեւոր) տօներու յաջորդող օրը  կը կոչէ «Յիշատակ Մեռելոց»։ Անոնք որոնք չեն հետեւիր առաքելական  Ս. Եկեղեցւոյ  դաւանաքին եւ հաւատքին  կը տարակուսին  ու կ’ըսեն թէ, մի՞թէ մահացածի համար աղօթելը անոր դժոխքէն դրախտ կը փոխադրէ երբ ան այլևս  ապաշխարելու  ի վիճակի չէ։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մենք եկեղեցին հոգեհանգիստի ժամանակ, կամ մեր անհատական աղօթքներուն՝ չենք աղօթեր որ Տէրը մէկը դժողքէն դրախտ տեղափոխէ։ Յիշեցէք որ Ահեղ Դատաստանը տակաւին չէ եղած եւ տեղի  պիտի ունենայ  Քրիստոսի  երկրորդ Գալուստին։ Մենք կ’աղօթենք ու կը խնդրենք, որ Տէրը «ԳԹՈՒԹԵԱՄԲ» վարուի՝ մեր սիրելիներուն հետ Դատաստանի Օրը։ Մեր մահացած հարազատներու համար աղօթել եւ Տիրոջմէ հանգիստ, ողորմութիւն ու գթութիւն խնդրելը ցոյց  կու տայ որ մենք կը սիրենք զիրենք: Մենք անտարբեր չենք կրնար մնալ, երբ մեր հարազատները դեռ  կը սպասեն, Ահեղ Դատաստանին եւ թէ ինչպէս  Տէրը  պիտի դատէ զիրենք Վերջին օրը։ Օրինակ՝ մենք ամէն օր կ’աղօթենք հանգուցեալ  հարազատներու հոգիներու համար՝ խնդրելով Տէր Յիսուս Քրիստոսին, որ «ԳԹՈՒԹԵԱՄԲ» վարուի ննջեցեալներուն հետ  Դատաստանի Օրը։ Եկեղեցին 2000-տարուայ պատմութեան ընթացքին բազում վկայութիւններ ունի թ՛է ինչպէս  աղօթքը կ’օգնէ ու  կը թեթեւացնէ մահացած մեր հարազատներուն հոգիները։ Մահացած հարազատի համար աղօթքով գթութիւն խնդրելը սիրոյ անքակտելի կապ է։ Թող Տէր Յիսուս Քրիստոս ողորմի  մեր հանգուցեալ հարազատներուն Ահեղ Դատաստանի Օրը, եւ գթութեամբ վարուի անոնց հետ Դատաստանի ժամանակ։

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան