ՅԻՇԱՏԱԿ՝ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՅՈԲ ԱՐԴԱՐԻՆ ԼՈՅՍԻ ՄԱՍԻՆ ՎԿԱՅՈՂՆԵՐ

«Ինքը լոյսը չէր, այլ եկած էր, վկայելու լոյսի մասին»

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Աւետարաններու մէջ Յիսուս Քրիստոսէն ետք  մեծագոյն դէմքն ու գլխաւոր գործիչը: Ըլլալով  հանդէրձ ուխտի զաւակ եւ ծնելով հրաշալի պայմաններով՝ Յովհաննէս իր պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը կ’անցնէ մենութեան մէջ, Աստուծոյ  ներկայութեամբ եւ շնորհներով: Երբ 30 տարեկան էր, առաքելությամբ մը կ’երթայ քարոզելու Յորդանան գետին եզերքը՝ Տիրոջ գալուստը աւետելու եւ ժողովուրդը պատրաստելու, կոչ ընելով ապաշխարութեան եւ արդարութեան. «Ապաշխարեցէ՜ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է: Ապաշխարութեան արժանի գործե՜ր կատարեցէք… որովհետեւ կացինը ահա ծառերու արմատին  դրուած է: Ամեն ծառ, որ բարի պտուղ չի տար, պիտի կտրուի եւ կրակը  նետուի» (Մտ 3. 2-10): Եսայի մարգարէին կողմէ կանխատեսուած «անապատի մէջ կանչողին ձայն»-ին, որ  կ’ըսէ. «Պատրաստեցէ՜ք Տիրոջ ճանապարհը եւ հարթեցէ՜ք  անոր շաւիղները» (Մտ 3-3): Ս. Յովհաննէսի գործունէութեան գագաթնակէտը Յիսուսի մկրտելն ու զԱյն իբրեւ խոստացեալ Մեսիա յայտարարելն էր: Այս առաքելութիւնէն ետք, Հերովդէս արքան Ս. Յովհաննէսին բանտարկել  տուած  եւ գլխատած էր՝ եղբօր կնոջը  ապօրինի կերպով կնութեան առած ըլլալուն առիթով  զինք յանդիմանած ըլլալուն  համար:

Յոբ Արդարը, բոլորիս  ծանօթ է Հին Կտակարանէն, Յովհաննու Կարապետի նոյն գաղափարի տէր՝ անսպառ սէր, եղբայրասիրութիւն, արդարութիւն, զղջում եւ ապաշխարութիւն քարոզելով։ Ան «ճշմարտախօս էր ու անարատ, արդար էր ու աստուածապաշտ, ամէն տեսակի չար ու մեղաւոր գործերէն հեռու» (Յօբ 1: 1)։ Յոբը   մեծահարսուտ էր եւ բազմանդամ ընտանիքի տէր։ Սակայն, փորձութեան ենթարկուեցաւ եւ զրկուեցաւ հարստութիւնէն, զաւակներէն, ու վարակիչ ախտերով հիւանդացաւ։ Այնուհանդերձ ան երբեք չմեղանչեց Աստուծոյ  դէմ և  նոյնիսկ  կնոջ դժգոհութեան ի պատասխան՝ ըսաւ. «Աստուծոյ ձեռքէն բարիքներ ընդունեցինք ու չարիքին չհամբերե՞նք» (Հոբ 2:10): Արդարացած դուրս գալով այս բոլոր փորձութիւններէն՝ Յոբը նախկինէն աւելի մեծ օրհնութիւններու արժանացաւ:

Յոբ Արդարն իր տիպար կեցուածքով մեզի օրինակ է, որ բոլոր փորձութիւնները յաղթահարելի են, եթէ սիրով մօտենանք Աստուծոյ։ Ան վկան է այն բանին, որ փորձութիւնները, որոնք կը յաղթահարենք՝ Աստուած մեզի ապաւէն ունենալով,  ընդառաջենք  դէպի բարին, հեռու մնալով  յուսահատութենէ որ  կու գայ  չարէն։

Երկու արդար Սուրբերն ալ օրինակ են մեզի համար Աստուծոյ հաճելի կեանքով ու վարքով ապրելու։ Անոնց խոնարհ կերպարին ու օրինակին հետեւելով:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան