Մի՛ Գողնար

Այս պատուիրանը աշխարհի բոլոր պետութիւններուն եւ ազգերուն օրէնսդրութեան մէջ կայ եւ կը գործադրուի ամենայն խստութեամբ։ Եւ նորութիւն չէ բոլորիդ, որ ամենազազրելի մարդասպանութիւնները կը կատարուին գողութեան ընթացքին։ Յիսուսի առաքեալներէն, Յուդան ալ գող էր, որուն մօտ կը մնար գանձանակը, որ մինչեւ վերջ չհարաժարելով իր արարքէն, յանձնուեցաւ այդ մեղքին եւ յաւելեալ երեսուն արծաթ դահեկանի համար մատնեց մեր Տէրը՝ Քրիստոս։

Ելից գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ Աստուած այս պատուիրանին վերաբերեալ կ’ըսէ, եթէ մէկը գողութիւն ըրած ատեն սպաննուի, այս մէկը սպաննութիւն թող չնկատուի (Ել 22.2)։  Հոս Աստուած, չի քաջալերեր ուրիշի մը սպաննութիւնը. բայց իր խօսքով կը զգուշացնէ գողերը, վերակշռելու իրենց մտածումն ու կատարելիք գողութիւնը, որովհետեւ կրնան «արդարօրէն» սպաննուիլ։ Աստուած կ’ուզէ, որ մարդիկ ծախսեն եւ վայելեն ազնուութեամբ՝ իրենց աշխատածին չափ, ինչպէս Ծննդոց գիրքին մէջ ալ կը կարդանք «երեսիդ քրտինքով ուտես քու հացդ» (3.19)։

Ընդհանրապէս գողութիւնները կը պատահին գիշերով կամ գաղտնի երբ մարդ չկայ. Բայց Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի, որ Աստուած գիտէ մարդոց սրտի գաղտնիքներն ու խորհուրդները (Եբր 4.12) եւ Յիսուս կը վստահեցնէ, որ «չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ» (Ղկ 8.17)։

Եթէ լաւ մտածենք, պիտի տեսնենք թէ գողութեան արարքին աղբիւրը՝ մարդու ագահութիւնն է աւելին ունենալու եւ աւելին ձեռք ձգելու. Իսկ այդ դրամասիրութիւնը բոլոր չարիքներուն արմատն է կ’ըսէ առաքեալը, որ նոյնիսկ մարդոց հաւատքէն կը հեռացնէ (Ա. Տիմ 6.10)։

Իսկ կեանքին մէջ, բոլորս կը տկարանանք եւ կը սխալինք. Հաւանաբար գողցած ենք եւ այսօր կը զղջանք։ Այսպիսիները, Աստուծոյ ողորմութենէն հեռու չեն. Աստուած Պօղոս առաքեալին ճամբով կը թելադրէ անոնց որոնք ժամանակին գողցած են, ալ չգողնալ, բայց մանաւանդ աշխատիլ բարիք արտադրել եւ օգնեն անոնց որոնք կարիքի մէջ են (Եփ 4.28)։

Հին Ուխտը եթէ սերտենք, հոն բազմաթիւ թելադրութիւններ կարելի է գտնել գողութիւնը արգիլելու վերաբերեալ. Սակայն Նոր ուխտը, ո՛չ միայն կ’արգիլէ գողութիւնը, այլեւ կը թելադրէ օգնել, բաժին հանել կարիքաւորին, աղքատին եւ զանոնք երանելի կը կոչէ (Գրծ 20.35)։ Ուրեմն, ոչ թէ միայն պէտք չէ գողնալ, այլ տալ ուրիշին որպէսզի Աստուծոյ խոստացած երանութիւններուն արժանի ըլլանք։

Վերջապէս, այս պատուիրանին վերաբերեալ կարելի է աւելցնել հետեւեալը։ Բոլոր մեղքերը զղջումով կարելի է արդարացնել, բայց գողութեան մեղքը գործնական քայլ մը կը պահանջէ. Այսնինք, եթէ մէկը գողնայ, պէտք է խոստովանութեամբ ետ վերադարձնէ եւ ներում խնդրէ իր ըրածին համար։ Վստահ եմ որ շատ դժուար բան է անիկա, բայց աւելի լաւ է այդ դժուար պահը կրել քան Աստուծոյ բարկութիւնը դատաստանի օրը, որովհետեւ «գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա Կր. 6.10)։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան