ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ

Կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբին եւ առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ լուսարարներուն եւ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, խումբ մը նուիրեալ կամաւորներ սիրով եւ խանդավառութեամբ զարդարեցին մեր Սուրբ Տաճարը՝ պատրաստելով զայն Սուրբ Ծնունդի օրհնեալ շրջանին։

Շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, որոնք իրենց ժամանակը, ուժը եւ սիրտը տրամադրեցին Աստուծոյ տան համար։ Տէրը թող բազմապատկէ անոնց վարձքը եւ միշտ պահէ իրենց ընտանիքները խաղաղութեան, առողջութեան եւ ուրախութեան մէջ։