ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի 28 Յուլիս, 2025-ին, «ՅԻՇԱՏԱԿ  ՄԵՌԵԼՈՑ»-ի Ս. Եւ Անմահ Պատարագ եւ ընդհանրական հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն ներս: Ս. Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան եւ Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Ռուբինա մասնաճիւղի կազմակերպած ամառնային ճամբարի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը: