Մեծ Պահքի հսկումներու 4-րդ խորհրդածութիւնը կը պատկանի Տիար Գրիգոր Արթինեանի, որ ներկայացուց Չորեքշաբթի 18 Մարտ 2026-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ

Մատթէոս 16:24-28

“Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա, քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։ Վասն զի Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։”

Այս հատուածին մէջ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս պարզ եւ յստակ ձեւով կը ներկայացնէ իրեն աշակերտ դառնալու երեք հիմնական օրէնքներ։

Առաջինը՝ ինքզինք ուրանալու օրէնքը է, երբ կ’ըսէ. «եթէ մէկը իմ ետեւէն գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ»։

Երկրորդը՝ զոհողութեան օրէնքն է, երբ կ’ըսէ. «թող վերցնէ իր խաչը»։

Երրորդը՝ հնազանդութեան օրէնքը է, երբ կ’ըսէ «թող իմ ետեւէս գայ»։

Երբ այս խօսքերուն մէջ խորանանք եւ լրջութեամբ քննենք զանոնք, անխուսափելիօրէն կը մղուինք հարց տալու մենք մեզի․ ի՞նչ կ’ակնկալէ Յիսուս մեզմէ, եւ ի՞նչ կը կոչէ մեզ ընելու։

Առաջին, ո՞ր անձին մասին կը խօսի Յիսուս այստեղ. Ան մեզի կ’ըսէ, թէ պէտք է ուրանանք մեր անձը։ Բայց ի՞նչ է այդ «անձը», զոր պէտք է ուրանալ։

Նոյն տրամաբանութեան կը հանդիպինք Յովհաննու Աւետարանի 12:25-ին մէջ, ուր կը կարդանք, «Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’անտեսէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա։»:

Յիսուս կ’ուզէ որ մենք մեր ուշադրութիւնը դարձնենք մեր ներքին կեանքին վրայ, լրջօրէն քննենք մենք մեզ եւ ճիգ թափենք մենք մեզ հասկնալու համար եւ հարցնելու մենք մեզի, թէ ո՞վ եմ ես։

Վեհափառ Հայրապետը իր վերջին գրած գիրքին մէջ մանրամասնօրէն   ինքնաճանաչումի մասին կ’անդրադարնայ , կ’առաջարկեմ կարդաք այդ գիրքը։ Ուրեմն, հարցում տանք մենք մեզի. արդեօք ես իմ մարմի՞նս եմ։ Ես իմ զգացումնե՞րս եմ։ Արդեօք ես իմ մտածումնե՞րս եմ։ Ո՞վ է իմ ճշմարիտ անձս։

Իրականութեան մէջ մենք մոռցած ենք, թէ ով ենք։ Կար ժամանակ, երբ կը ճանչնայինք մեր ճշմարիտ անձը․ այդ ժամանակը մանկութիւնն էր։ Մանուկը Աստուծոյ կը ճանչնայ․ ան ներող է, ոխ չի պահեր, համեստ է եւ բացարձակ վստահութիւն ունի իր Հօր նկատմամբ։ Իր ներքին աշխարհին մէջ գիտէ, թէ ինք ապահով է իր երկնաւոր Հօր կողքին, եւ իր մէջ Սուրբ Հոգին կը գործէ։

Ահա թէ ինչու Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն․ «Եթէ դարձի չգաք եւ մանուկի պէս չըլլաք, երկնքի Թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք»։

Բայց մանուկին այս մաքրութիւնը եւ պարզութիւնը երկար չեն տեւեր։ Երբ մարդ կը մեծնայ եւ կը հասնի խելահասութեան, աշխարհային միտքերը եւ ուսուցումները կը սկսին ներթափանցել իր կեանքին մէջ։ Անոնք կը մտնեն տարբեր միջոցներով՝ ծնողներէն, դպրոցէն, լուրերէն, միջավայրերէն, գիրքերէն, հեռատեսիլէն եւ համացանցէն։

Այս բոլոր լսուածներն ու իւրացուածները հետզհետէ կը դառնան «ճշմարտութիւն» մարդուն համար։ Իսկ մարդը, իր անկումի վիճակին մէջ, զանոնք կ’ընդունի իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն, առանց քննութեան։

Այսպէս մարդ կը հեռանայ իր ճշմարիտ էութենէն եւ կը գտնէ ինքզինք ներքին խաւարի մէջ՝ թշուառ, անհանգիստ, կասկածներով ու վախերով լեցուն, երբեմն ալ ատելութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ ծանրաբեռնուած։ Իր միտքը կը լեցուի անորոշութեամբ, եւ ան կը դառնայ անդադար դատող ու դատապարտող։

Այս վիճակին մէջ մարդ կը դառնայ իր իսկ միտքերուն գերին։ Անոր «անձը» կը ձեւաւորուի իր մտածումներուն համաձայն։ Բայց այս մտածումները շատ յաճախ չեն բխիր Աստուծմէ․ անոնք կը խանգարեն հոգիի խաղաղութիւնը եւ կը մթագնեն մարդուն ներքին լոյսը։

Այս պատճառով մարդը այլեւս չի ապրիր Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած իր ճշմարիտ անձով, այլ կ’ապրի կեղծ, սուտ եւ խաբուած ինքնութեամբ մը, որ հեռացած է Սուրբ Հոգիի առաջնորդութենէն։

Յիսուս կ’ուզէ որ մենք լրջութեամբ ուշադրութիւն դարձնենք մեր անձին եւ ինքնադիտարկում մը կատարենք, որպէսզի տեսնենք այդ խաբկանքը, չարէն եկած միտքերը եւ այն փոփոխութիւնը որ մեր ներսը կը կատարուի ժամանակի ընթացքին. Իսկ ասիկա կ’ըլլայ միայն աղօթքի զանազան ձեւերով որոնցմէ մէկը լուր աղօթքն է, որուն մասին քիչ ետք պիտի անդրադառնամ։ Իսկ ինչո՞ւ աղօթքով կ’ըլլայ այս մէկը. որովհետեւ աղօթքը Ճշմարտութեան լոյսը կը յայտնէ մեր ներսիդին եւ ցոյց կու տայ, որքան մեղքով լեցուն է կեանքը. Աղօթքը կը յայտնէ մեր մէջ բնակութիւն գտած չարը եւ չար հոգին որուն պատճառով մենք չարիք կը գործենք մեր կեանքին մէջ։ Պօղօս առաքեալ ասոր կ’ակնարկէ Հռոմայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, ըսելով. «Քանզի ինչ որ կ’ընեմ չեմ ճանչնար։ ոչ թէ ինչ որ կ’ուզեմ կ’ընեմ, այլ ինչ որ կ’ատեմ՝ զայն կ’ընեմ։ բայց եթէ չուզածս կ’ընեմ, հաւանութիւն կու տամ օրէնքին թէ բարի է։ իսկ արդ ոչ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, այլ մեղքը, որ իմ ներսիդիս կը բնակի» (Հռ 7:15)։

Պօղոս առաքեալ կը նկարագրէ մեր ներքին խոր պայքարը։ Ան կը յայտնէ, թէ մարդուն մէջ գոյութիւն ունի բաժանում մը․ մէկ կողմէ՝ բարիք գործելու եւ Աստուծոյ կամքին հետեւելու փափաք, իսկ միւս կողմէ՝ մեղքի ձգողականութիւնը, որ մեր կամքին հակառակ կը գործէ եւ կը տանի մեզ։ Այդ պատճառով ալ կ’ըսէ՝ «ինչ որ կ’ուզեմ չեմ ըներ, եւ ինչ որ կ’ատեմ՝ զայն կ’ընեմ»։

Այս խօսքը միայն Պօղոսի անձնական փորձառութիւնը չէ, այլ ամբողջ մարդկութեան վիճակը։ Մարդը իր սրտով կը ձգտի դէպի բարին, բայց իր տկարութեան պատճառով կը սայթաքի։ Բայց աղօթքի ճամբան մեզ դէպի լոյս կը տանի։ Ան կը յայտնէ, թէ այս ներքին բաժանումէն եւ պայքարէն ազատութիւնը կարելի է միայն Քրիստոսի միջոցով, որովհետեւ միայն Աստուծոյ շնորհքն է, որ կրնայ բժշկել մարդու ներսի այս կոտրուած վիճակը եւ վերականգնել անոր ճշմարիտ անձը։

Իսկ Եսայի մարգարէն Աստուած կը յայտնէ հետեւեալը. «Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն, Հապա որչափ երկինք երկրէն բարձր է, Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդներէն։»

Փառք տանք Աստուծոյ, որ ինքզինք յայտնեց մեզ. Որովհետեւ մենք մեր ջանքերով չենք կրնար հաղթահարել այն չարը որ մեր մէջ բնակութիւնը կը հաստատէ։ Մեր յարատեւ աղօքով, Քրիստոս ի՛նք կը սանցէ մեր մէջ բնակող չարը, որ կը գործէ մեր մէջ շատ անգամ առանց մեր ուշադրութիւնը այդ ուղղութեամբ ձգելու. Օրինակ մեր ego-ները մեր ԵՍ-երը չարէն է որ կու գայ, եւ ոչ թէ Աստուծոյ ամենասսուրբ Հոգիէն։

Յիսուս երբ կ’ըսէ մեզի «ձեր անձերը ուրացէք», կ’ակնարկէ այդ չարով միաձուլուած եւ բնակեցուած անձին, այդ մեր անձին որ մեր ԵՍ-երով, հպարտութիւններով, ու մեղքերով միացած է։

Կարծես Յիսուս մեզի այսօր կ’ըսէ, այդ մեղաւոր անձէն որ քու մէջդ է, այդ սուտ ու կեղծաւոր անձէն որ քու մեջդ է, եւ որ քու իրական անձդ չէ, կրնաս ձերբազատուիլ անկէ։ Կրնամ եթէ պատգամներուս ուշադրութիւն դարձնես, կատարես զանոնք եւ օրինակիս հետեւիս։

Պետրոս առաքեալն ալ կը թելադրէ մեզի աղօթքի զօրութեամբ արթուն եւ զգաստ մնալ, որովհետեւ կը բացատրէ. «ձեր թշնամին Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ» (Ա. Պտ 5.8)։ Եւ կարծես փոռձարաբար ըսաւ այդ մէկը. Որովհետեւ մեր սատանան իր մտքին մէջ մտաւ եւ արգելք ուզեց ըլլալ Յիսուսի խաչելութեան եւ չարչարանքներուն, Յիսուս իրեն չըսաւ. «Ետիս գնա Պետրոս», այլ «Ետիս գնա, Սատանայ»։

Ուրեմն, աղօթքով զգոյշ ըլլանք, որ չարէն եկած ամէն բան՝ խօսք, մտածում կամ գործ, տեղ չգտնէ մեր անձին, մտքերուն կամ գործերուն մէջ։

Խօսինք երկրորդ օրէնքին՝ զոհողութեան օրէնքին մասին, ուր Յիսուս կ’ըսէ․ «Ան որ ինծի կ՛ուզէ հետեւիլ, թող վերցնէ իր խաչը»։

Խաչը վերցնելը կը նշանակէ մեր բոլոր ցաւերը, հոգերը, վախերը, անհանգստութիւններն ու տառապանքները Տիրոջ առջեւ դնել եւ հետևիլ Իրեն՝ ամբողջ սրտով եւ պատրաստակամութեամբ։ Իսկ այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ մարդկային կարողութեամբ ինչ որ չենք կրնար ընել, Աստուած ինքն է որ պիտի ընէ. Մենք մեզ չենք կրնար փրկել ոչ չարի ուժէն եւ ոչ ալ անոր խորհուրդներէն։ Միայն ճշմարտութեան Հոգին է որ պիտի ազատագրէ մեր հոգին՝ մեր ներսի նեղութիւններէն, շղթաներէն ու չարէն։

Իսկ այն ընելը այնքան ալ դիւրին չէ, քանի որ մեր մէջ հանգիստ տուն գտած չար հոգիները բնաւ պիտի չուզեն մեզմէ բաժնուիլ։ Անոնք ամէն հնարք պիտի գործեն, որպէսզի դուրս չնետուին մեր անձերէն։ Պիտի փորձեն յուսահատութեան մէջ պահել եւ պղտորեն մեր մտքերը չաղօթելու կամ չվստահելու Աստուծոյ։ Այդ պատճառով խաչը, որ մեզմէ պահանջուած է վերցնել, ծանր է եւ կը պահանջէ յարատեւութիւն, աշխատանք, անդադար աղօթք, մշտական արթնութիւն։ Սատանան այնպէս մը պիտի գործէ, որ դեր կէս ճամբուն նոյնիսկ չհասած յոգնած զգնք, բայց պարտադիր է կրկին վեր կենալ եւ շարունակել։ Այո, ճամբան դժուար է, բայց Յիսուս մեզ կը յուշէ ըսելով, որ «Ես Սուրբ Հոգին պիտի ղրկեմ, եւ Ան միշտ ձեր կողքին պիտի ըլլայ, պիտի օգնէ ձեզ, պիտի սորվեցնէ, Իր լոյսը ճշմարտութիւնը պիտի ցցնէ ձեզի։ Այնքան ատէն, որ դուք իմ պատգամներս կը սորվիք եւ կը կատարէք, դուք պիտի յաղթէք» Ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ «Ես յաղթեցի աշխարհին, դուք ալ պիտի կարենաք»։

Երրորդ օրենքը՝ հնազանդութեան օրենքն է, ուր Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ կ’ուզէ ինծի հետեւիլ թող ետեւէս գայ»։

Մարդուն ամենամեծ դժուարութիւններէն մէկը ընդունիլն է, որ ինք սխալի մէջ է։ Մենք պէտք է նախ ընդունինք, թէ սատանան մեր մէջ ներկայ է եւ իր չարագործութիւնները մեր՝ մարդոց ճամբով կը կատարուի այս աշխարհին մէջ. Թուեմ մի քանին. Նախանձ, հպարտութիւն, բարկութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն, պղծասիրութիւն եւ այլ չար մտքեր ու գործեր, որոնք կը զրկեն մեզ Աստուծոյ շնորհքները վայելելու յոյսէն։

Ամէն Կիրակի հաղորդութենէն առաջ «Մեղայ Աստուծոյ» կը կրկնենք։ Բայց իսկապէս կ՛ընդունինք, թէ այդ չարութիւնները մեր մէջ են, թէ ընդամենը բառերն են որ կը կրկնենք։

Ահա հարցում մը, որ ամէն մէկս պէտք է յաճախ ինքնիրեն անկեղծօրէն հարցնէ եւ պատասխանէ։

Եթէ չտեսնենք եւ չընդունինք մեր չարութիւնը, Աստուած չի կրնար իր մաքրող եւ բժշկող գործը մեր հոգիներուն մէջ իրականացնել, որովհետեւ մեր Աստուածը ինքզինք չի պարտադրէր, այլ կը սպասէ մեր հրաւէրին։

«Ետեւէս եկուրը» հրաւէր է հաւատալու Աստուծոյ կեանքի՛ օրինակով, նոյնիսկ եթէ այդ կեանքը չարչարանք կամ զոհողութիւն կ՛ակնկալէ։

Աւարտելու համար, յարատեւ աղօթքի կարեւորութեան մասին անդրադարձայ խորհրդածութեան սկիզբկ։ Բայց կրնա՞յ մէկը 24 ժամ աղօթել եւ բոլորս ալ զբաղ ենք մեր գործերով, մեր ընտանիքներով, դպրոցով եւ զանազան զբաղումներով։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է անդադար, այսինքն առանց կենալու աղօթել:

Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ գտնուիլ։ Ուրեմն մեզմէ պահանջուածը, միշտ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մնալն է, որպէսզի առատօրէն ստանանք իր շնօրհքները, լույսի մէջ ապրինք եւ հեռու մնանք խաւարէն։

Իսկ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ըլլալու միջոցներէն մէկը լուռ աղօթքն է, որուն համար ուրախ եմ որ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական յանձնախումբը, սեմինար մը կազմակերպած է Մայիս 16-ին, որուն յայտարարութիւնն ու մանրամասնութիւնները շուտով մեր եկեղեցւոյ դիմատետրին վրայ պիտի տեղադրուի։

Անոնք, որոնք կ՛ուզեն գիտնալ թէ ինչ է լուռ աղօթքը եւ այլ աղօթքի ձեւերու մասին սորվիլ, սիրով կը սպասենք իրենց։

Վերջապէս Յիսուս կը հրաւիրէ մեզ հնազանութեան. Իսկ հնազանդողները, թէեւ այս աշխարհի զանազան հաճոյքներէն կրնար զրկուած զգալ, բայց երբ Տէրը անգամ մը եւս գայ իր Հօրը Փառքովը իր հրեշտակներուն հետ միասին, այն ատեն իրեն հաւատացողները իրեն պիտի միանան մասնակից ըլլալու այն յաւիտենական փառքին, պատիւին ու ժառանգութեան, որ պատրաստած է մեզի համար։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը եւ օրհնութիւնը  ձեր հոգիին հետ ըլլայ։

Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ Ամէն:

Գրիգոր Արթինեան