Մտ. ԺԳ.43-52

Եկէք միասնաբար ընթերցենք այսօրուան Աստուածաշնչական հատուածը որ կու գայ Մատթէոս Աւետարանի ԺԳ. 43-52-րդ համարներուն մէջէն։
43. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը արքայութեան մէջ։ Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։
ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԱՆՁԻՆ ԱՌԱԿԸ
44. «Դարձեալ երկնքի արքայութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այդ արտը կը գնէ»։
ՄԱՐԳԱՐԻՏԻՆ ԱՌԱԿԸ
45. «Դարձեալ երկնքի արքայութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ. 46. եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։
ՈՒՌԿԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ
47. «Դարձեալ երկնքի արքայութիւնը ծովը ձգուած ուռկանի մը նման է, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ։ 48. Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, ցամաքը հանեցին ու նստան աղէկները ամաններու մէջ ժողվեցին եւ անշահը դուրս ձգեցին։ 49. Այսպէս պիտի ըլլայ աշխարհիս վերջը։ Հրեշտակները պիտի ելլեն ու արդարներուն մէջէն չարերը պիտի զատեն. 50. եւ պիտի ձգեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։
ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
51. Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հասկցա՞ք այս ամէն բաները»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»։ 52. Անիկա ըսաւ անոնց. «Անոր համար ամէն դպիր որ երկնքի արքայութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ»։
Անուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն։
«Դարձեալ նման է արքայութեան երկնից գանձի ծածկելոյ յագարակի»
Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ, այժմ Մեծ Պահոց շրջանի հինգերորդ շաբթուան մէջ կը գտնուինք եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, իմաստուն մօր մը պէս, հետզհետէ մեզի կ’ուղղորդէ դէպի Երուսաղէմ, դէպի Խաչը եւ դէպի թափուր կոյս գերեզմանը։ Իւրաքանչիւր շաբաթ, Աստուածաշնչական ընթերցումները հետզհետէ կը ծանրանան, կը լուսաւորուին եւ աւելի պահանջկոտ կը դառնան։
Այս երեկոյ, Մատթէոսի Աւետարանէն կը լսենք՝
«Այն ատեն արդարները արեւու պէս պիտի փայլին երկինքի արքայութեան մէջ։»
«Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի արտի մը մէջ պահուած գանձի։»
Եւ «Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն վաճառականին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։»
Լոյս, Գանձ, Մարգարիտ եւ Վերջին Դատաստանի` այսինքն յետնաբանական, կամ աշխարհի վախճանման անդրադարձ կը տեսնենք վերոյիշեալ տողերուն մէջ։ Յառաջիկայ Կիրակի պիտի յիշատակուի Դատաւորի Կիրակին։
«Երրորդ առակը՝ ուռկանի առակը, մեզ կը տանի դէպի աշխարհի վախճանը, բայց նաեւ մեր կեանքի ներկայ պահը»։ Սակայն ուռկանի այս առակը (հմմտ. 47-49) միայն ապագայ դատաստանին մասին չէ. ան նաեւ մեր ներկայի կեանքին համար կարեւոր դաս մը կը փոխանցէ։ Ինչպէս ձկնորսները ուռկանէն աղէկ ձուկերը կը հաւաքեն եւ անպիտանները դուրս կը ձգեն, նոյնպէս մենք ալ կոչուած ենք մեր կեանքին մէջ իմաստուն ընտրութիւններ ընելու։ Մեր մտքերուն, սովորութիւններուն եւ գործերուն մէջ պէտք է զատենք բարին ու օգտակարը՝ հեռացնելով այն, ինչ վնասակար է եւ մեզ Աստուծմէ կը հեռացնէ։ Այսպէս մարդը կը սորվի քննութեան ենթարկել իր կեանքը եւ պահել այն, ինչ Աստուծոյ կամքին համահունչ է։ Այս առակը ուրեմն ոչ միայն ապագայ դատաստանը կը յիշեցնէ, այլ նաեւ մեզ կը հրաւիրէ՝ այսօրը իմաստութեամբ ապրելու։
Իսկ այս Շաբաթ օր, պիտի յիշատակենք Սեբաստիոյ Քառասուն Մանուկները. այն երիտասարդները որոնք վճռեցին հաւատարիմ մնալ իրենց հաւատքին եւ ընտրեցին երկնային անթառամ լուսեղեն պսակներու արժանանալ, անտեսելով այս աշխարհի գնայուն թագերը։ Իրենց վկայութիւնը յարմարաւէտ կերպով կը զուգակցուի մեր այս երեկոյեան Աւետարանի համարահատուածին հետ որպէս կենդանի օրինակ եւ դրսեւորում փոխանցուելիք պատգամին։
Պատահականութիւն չէ, որ այսօրուան Աւետարանի հատուածը մեզի կու գայ Մատթէոս Առաքեալէն։ Մատթէոսը մաքսաւոր մըն էր՝ այսինքն հարկահաւաք էր Հռոմէական Կայսրութեան համար։ Ան Հրեայ մըն էր, եւ իր պաշտօնն էր իր ժողովուրդէն մաքսեր հաւաքել Հռոմէական Կայսրութեան համար։ Ան Հերովդէս Չորրորդապետին հսկողութեան ներքոյ կը գործէր այդ ժամանակամիջոցին եւ բնականաբար չէր սիրուած իր սեփական ժողովուրդին կողմէ։ Մատթէոսը հաշիւներու մէջ ատակ էր եւ դրամի արժէքին մասին՝ քաջածանօթ։ Այնուամենայնիւ, երբ Յիսուս Քրիստոս զինք կը կանչէ մաքս գանձելու ժամանակ, ըսելով՝ «Հետեւէ՛ ինծի», Մատթէոս ելաւ եւ հետեւեցաւ Յիսուսին, ինչպէս կը կարդանք իր իսկ վկայութեամբ, սոյն աւետարանի իններորդ գլխուն մէջ։
Ան որ ատէն մը աշխարհիկ հասոյթներ կը գումարէր, դարձաւ ա՛յն Աւետարանիչը որ մեզի կ’ուսուցանէ երկնային գանձերու կարեւորութեան մասին։ Մատթէոս Աւետարանը Համացոյց կամ Համատեսակ Աւետարաններու երրեակ խումբին կը պատկանի՝ որ կը ներառէ նաեւ Մարկոս եւ Ղուկաս Աւետարանները։ Իսկ հակառակ անոր որ այս խումբին կը պատկանի, տակաւին ունի ինքնուրոյն իշխանութիւն, քանի որ Մատթէոս եւ Յովհաննէս Աւետարանիչները մինակ Աւետարանիչներն էին որոնք Երկոտասան Առաքեալներէն էին՝ այսինքն կենդանի վկաներ էին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական կեանքի՝ իր երեք տարուայ երկրաւոր առաքելութեան։
Իր Աւետարանին ընթացքին, Մատթէոսը յատկապէս Քրիստոսին վերաբերող մէկ տիտղոս կը շեշտէ- «Մարդու Որդի» տիտղոսը։ Ան գրեթէ երեսուն անգամ նշած է թէ Յիսուս այսպէս իր անձին մասին կ’անդրադառնայ։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի ան շեշտադրէ իր ճշմարիտ մարդ ըլլալու յատկանիշը, իր Աստուածային իշխանութիւնը, եւ օծուած ու հայրական տնօրինութիւնները իրենց կատարումին հասցնող ընթացիկ ծրագիրը։
Մարդու Որդին բարձունքներէն խոնարհեցաւ ու մարդացաւ որպէսզի մենք բաժնեկից ըլլանք իր Շնորհքին։ Շարականագիր վարդապետը շատ գեղեցիկ կերպով կը բնութագրէ այս իրողութիւնը հետեւեալ ԲՁ շարականին մէջ որ իւրաքանչիւր Ս. Մկրտութեան Խորհուրդին կ’երգուի- «Աստուած խօսեցաւ ի բարձանց, լուարուք բնակիչք երկրի». այսինքն՝ «Աստուած բարձունքներէն խօսեցաւ, լսեցէք երկրի բնակիչներ»։
Եկեղեցին, վաղ ժամանակներէ ի վեր, Աւետարանիչները յարաբերած է չորս կենդանի արարածներու հետ, որոնք կը տեսնենք Եզեկիէլ Մարգարէի Գրքին մէջ, յատկապէս Ա. 5-10 միջեւ, ուր կը տեսնենք մարդը, առիւծը, եզը եւ արծիւը։ Այս տեսիլքը դարձեալ կը տեսնենք դրախտային պաշտամունքին մէջ որ նկարագրուած է Յովհաննէս Աւետարանիչին կողմէ գրուած Յայտնութեան Գրքին մէջ՝ Դ. 6-7 միջեւ։ Այս սուրբ տեսիլքներուն կամ երազներուն ընդմէջէն, Մատթէոսը որպէս Մարդ կամ Հրեշտակ պատկերուած է, քանզի իր Աւետարանով կը սկսի Քրիստոսի մարդկային ծննդաբանութեամբ կամ ազգաբանութեամբ եւ կ’ոգեկոչէ Խորին Խորհուրդը Յիսուսի Մարդեղութեան։
Մարդու Որդին։ Այս գիշեր կը լսենք թէ «արդարները արեւու պէս պիտի փայլին», եւ իսկապէ՛ս, մարդկութիւնը երբ ագուցուի, երբ միանայ Յիսուս Քրիստոսի հետ, կը ճառագայթէ Քրիստոսի սէրը, եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ անհատ, մէյ մէկ մոմաւոր լոյս մը կը դառնայ աշխարհի։
Այսուհանդերձ, մէկը ինչպէ՞ս կը ժառանգէ այս պայծառութիւնը։
Մեր Տէրը կ’ըսէ- «Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն վաճառականին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։ Երբ շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնէ՝ կ’երթայ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ եւ կը գնէ այդ մարգարիտը։»
Այստեղ ձեր ազնիւ ուշադրութիւնը, սիրելի՛ք, կ’ուզեմ դարձնել մեր եկեղեցւոյ հօր՝ Յովհան Ոսկեբերանին՝ եւ որուն աղօթքները մեր Խորհրդատետրին ու Ճաշոց Գրքին մէջ կենսական ներկայութիւն ունին։ Իր քարոզին մէջ այս հատուածին մասին դիպուկ նկատողութիւն մը կը կատարէ- վաճառականը աննպատակ կերպով չի թափառիր, այլ ուշադրութեամբ փնտռտուքի մէջ է, իսկ երբ մարգարիտը կը գտնէ, իր բոլոր ունեցուածքը կը ծախէ, ո՛չ մասնակիօրէն, ո՛չ թէ չուզելով, այլ ամբողջովին ուզելով՝ իր ամբողջ ունեցուածքէն կը հրաժարի որպէսզի ձեռք բերէ այն երկնային գանձը որ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ մեզի խոստացուած յաւիտենական կեանքն է։
Այս հատուածը մեզի նաեւ կը յիշեցնէ Մեծահարուստ Երիտասարդին դէպքին մասին, որուն դրուագը կը կարդանք Մատթէոսի ԺԹ-րդ գլխուն մէջ ուր Յիսուս կ’ըսէ, «Եթէ կ’ուզէս կատարեալ ըլլալ, գնա՛ ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. Այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ յետոյ՝ հետեւէ՛ ինծի։»
Յովհան Ոսկեբերանը մեզի կը վարդապետէ թէ գանձը Քրիստոսի գիտակցութիւնն է, ինչպէս նաեւ հանդերձեալ կեանքը՝ Երկինքի Արքայութեան մէջ։ Ամէն բան վաճառել կ’ենթադրէ հպարտութեան սանձերը թուլցնել, կիրքերէ ձերբազատուիլ, քէները գերազանցել, ողորմութիւն ցուցաբերել, եւ նահանջել այն բոլոր ազդակներէն եւ ուժերէն որոնք Աստուծոյ անմիջական ներկայութեան արգելակներ կը հանդիսանան մեր կեանքերէն ներս։
Ան մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք Երկինքի Արքայութիւնը չենք ժառանգեր երբ Քրիստոսը կ’աւելցնենք մեր ունեցածներուն վրայ։ Մենք «Ժառանգակից Քրիստոսի» կը դառնանք՝ շարականագիր վարդապետին իսկ խօսքերով, երբ Յիսուս Քրիստոս ի՛նք կը դառնայ մեր ամենամեծ գանձը։
Միթէ՞ մեր Տէրը նոյն Աւետարանին մէջ Զ-րդ գլխուն մէջ չ’ըսեր-
«Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ Զի ուր գանձք ձեր են՝ անդ եւ սիրտք ձեր եղիցի։»
Մեծ Պահքի Քառասնօրեայ ճանապարհորդութեան այս շրջանը մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէս մենք պէտք է վաճառենք, կամ աւելի ճիշդ՝ շահարկենք մեր հոգեւոր ունեցուածքը` մեր միջոցները տրամադրելով ծոմապահութեան, ողորմութիւն կատարելու («Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» ինչպէս Յիսուս Մատթէոս Աւետարանի Թ.13 համարին մէջ կը մէջբերէ Ովսեա Մարգարէին խօսքը (Զ.6)), ինչպէս նաեւ յարատեւ աղօթելու՝ ոչ թէ որովհետեւ վերոյիշեալները կ’աւելցնեն մեր բեռը, այլ որովհետեւ այս միջոցները կ’ազնուացնեն մեր հոգին եւ կը սորվեցնեն մեզի ճանչնալ Մարգարիտը Երկնից Արքայութեան, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսին։
Այս Աւետարանի հատուածին տողերը նաեւ այնքա՜ն խոր տպաւորութիւն թողած են Երջանկայիշատակ Խրիմեան Հայրիկին վրայ, որ ան խորհրդածութիւն մը գրեց Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից վերնագրով, ու ան ձօնեց այս յօրինումը Մեծարգոյ Գէորգ Էֆէնտի Զարդարեանին, ով իր եօթ տարեկան դուստրը՝ Արմենուհին, կորսնցուցած էր։ Ան, Խրիմեան Հայրիկին նման սգաց դառն կորուստը իր զաւկին, ու երազած էր իր դուստրին դեռատի գլուխը մարգարիտ շարոցով մը զարդարել։ Այսուհանդերձ, Խրիմեան Հայրիկը Պարոն Զարդարեանին մխիթարեց խոր խանդաղատանքով գրելով հետեւեալը՝
«Ծնողական սրտիդ բնական սէրն ու գորով թելադրեց ոգիդ, որ վաղամերիկ եօթնամեայ Արմինէ դստրիկիդ անուան յիշատակին Մարգարիտէ հիւսուած պսակ մի նուիրես եւ անմահ պահես նորա յիշատակ որ քաղցր ի քուն ի Տէր ննջեր է։ Դեռ կը մորմոքիս դու իբրեւ հայր կը մորմոքի նաեւ քան զքեզ աւելի երկունք կրող ծնողագութ մարիկն զի տարաժամ մեռաւ փոքրիկ Արմենուհին, որ ծաղկած մի նոր շուշան էր Զարդարեան բուրաստանին մէջ։ Ո՜հ, յանկարծ փչեց խորշակ ու խամրեց. որ չբացուած վարդի կոկոն էր, զարկաւ մահուան դալուկ ու թօթափեց գերեզմանին ծոց. առանց լսելոյ գարնան սոխակին երգը, առանց հասնելոյ այն ուրախ օրին՝ հարսնութեան քօղին ու պսակին։ Այլ դուք մխիթարուեցէք վշտակիր ծնողք, երբ զաւակ ձեր սիրասուն Արմենիկ ի մահուն կ՚արժանանայ աստ Մարգարիտէ պսակին որ անեղծ եւ անթառամ է. իսկ Երկնից մէջ նորա պսակ լուսեղէն է. զի անմեղութեամբ գնաց աշխարհէս։»
Սիրելի Որդիք Թորգոմայ,
Սա է Մատթէոս Աւետարանի խորհուրդը որ կենդանի ներկայութիւն է նաեւ Հայկական հողին մէջ։ Երկրային մարգարիտներ անշուշտ իրենց հմայքն ու գրաւչութիւնը ունին, սակայն անցողիկ են եւ գնայուն։ Երկինքի մարգարիտները յաւիտենական են։
Երջանկայիշատակ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանը, Խրիմեան Հայրիկի մասին իր գրած կենսագրութեան մէջ կը պատմէ մեզի, թէ երբ Հայրիկը վերադարձաւ Էջմիածին՝ եպիսկոպոսական օծում ստանալու համար, իր օծակիցներէն իւրաքանչիւրին նաեւ նուիրեց մէյ մէկ օրինակ իր այս աշխատասիրութենէն։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, նախքան մէկու մը վստահուի հոգիները հովուելու պաշտօնը, ան նախ պէտք է իմանայ արժէքը Երկինքի Արքայութեան։ Նախքան մէկը զգեստներ զգենու, պէտք է նախ ամէն բան վաճառէ։ Նախքան մէկը կարենայ երկինքի արքայութիւնը տեսնէ, նախ պէտք է հոգիով վերստին ծնի, ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մեզի կ՚ըսէ Յովհաննու Աւետարանի Գ-րդ գլխուն մէջ։
Յառաջիկայ շաբաթ օր, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ Քառասուն Մանկանցն Սեբաստիոյ։ Անոնք ընտրեցին մերկացած վիճակով կանգնիլ սառուցիչ ջուրերու մէջ փոխանակ խաչուած Յիսուսին մերժել։ Ջերմութիւն իրենց հրամցուեցաւ, երկրաւոր փրկութիւն եւ բարձր պաշտօններ իրենց առաջարկուեցան, բայց իրենք ամէն ինչ վաճարեցին եւ ընտրեցին յարուցեալ Փրկիչը, կենդանի, կենդանարար Փրկիչը՝ Մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոսը։
Ուստի սիրելի որդիներ Հայկազեան ցեղին, այս գիշերուան աւետարանը մեզի կը խոստանայ թէ «Արդարները արեւու պէս պիտի փայլին երկինքի արքայութեան մէջ»։ Մարտիրոսները կը ճառագայթեն։ Սուրբերը կը շողան։ Փոքր Արմենուհին եւ իր նմանները համակ լոյս կը սփռեն երկինքէն մեր վրայ։
Համարահատուածը կ’աւարտի հետեւեալ բառերով- «Ատոր համար, երկինքի արքայութեան աշակերտած ամէն դպիր նման է տանտիրոջ մը, որ իր գանձէն կը հանէ նորը եւ հինը։»
Մատթէոսը ժամանակին դպիր էր մաքսերու եւ դրամի՝ դարձաւ դպիր Մեծ Վարդապետին եւ անոր քարոզած՝ Երկնից Արքայութեան։ Հին Ուխտը, ստուերակերպը, իր օրէնքներով եւ մարգարէութիւններով, իրենց կատարումին հասան մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսով։ Այս խորհուրդը նաեւ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին աւարտին ամփոփուած է հետեւեալ տողին մէջ ուր Պատարագիչ Քահանան կ’ըսէ- «Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից Դու ես, Քրիստոս Աստուած մեր, որ լցեր զամենայն հայրակամ տնօրէնութիւնս քո, լից եւ զմեզ Հոգւովդ քով Սրբով»։
Մեծ Պահքը մեզմէ իւրաքանչիւրին կը հարցնէ-
Ո՞ւր է մեր գանձը։ Ի՞նչ տեսակ մարգարիտ կը փնտռենք։ Ի՞նչ պատրաստ չենք վաճառելու եւ թօթափելու։ Ողբերգութիւնը, որ Յովհան Ոսկեբերանը մեզ կը զգուշացնէ, այն չէ որ մարգարիտը ամէն ինչ կ՚արժէ, այլ որ երբեմն անոր արժէքը չենք ճանչնար։
Թող որ այս սուրբ եղանակը մեր հաւաքական կեանքէն ներս մեզի սորվեցնէ յստակ տեսնելու եւ որոշելու կերպը, եւ մեր վերադարձը կատարելու պատուիրանազանցութեան արտաքսումէն դէպի ներդաշնակ եդեմական համակեցութիւն մեր Արարիչին հետ։ Թող որ մեր սեղմումը թառամող թագերու վրայ թուլնայ եւ մեր հայեացքները ուղղենք դէպի Երկինքի Արքայութիւնը, ուրկէ պիտի ժառանգենք լուսեղեն անթառամ պսակներ, եւ ճառագայթենք արեւուն պէս Մեր Հօր Արքայութեան մէջ։
Թող Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ճաճանչաւոր Յոյսը, Լոյսը եւ Սէրը եղիցի ընդ Ձեզ, եւ ընդ Մեզ, եւ ընդ Ամենեսեանդ։
Ամէն։
Տարօն Սրկ. Հալլաճեան