Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առին Մեծ Պահոց շրջանի Հսկումի արարողութիւնները։
Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան յանձնախումբին մտայղացումով եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւներուն տնօրինութեամբ, Մեծ Պահքի Չորեքշաբթի օրերու խորհրդածութիւնները վստահուած են տարբեր անձերու, որպէսզի անոնք ապաշխարութեան եւ հոգեւոր նորոգութեան այս շրջանին, իրենց հոգեւոր մտածումները բաժնեն հաւատացեալներուն հետ։

Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի՝ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդին օրհնութեամբ, առաջին խորհրդածութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչուհիներէն՝ Տիկ. Թամար Տէմիրճեանը։
Ան խօսեցաւ Մատթէոսի Աւետարանի 10.16-22 հատուածին մասին, ուր Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն կը պատրաստէ հալածանքներու եւ փորձութիւններու, բայց նաեւ կ’ամրապնդէ զիրենք Իր ներկայութեամբ եւ փրկութեան խոստումով։
Ան շեշտեց, թէ այս խօսքերը միայն անցեալի աշակերտներուն չեն ուղղուած, այլ այսօրուան հաւատացեալին եւս, որովհետեւ Քրիստոս «նոյնն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեան»։
Խորհրդածութեան առանցքը եղաւ Տիրոջ այն արտայայտութիւնը՝ «կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ»։ Տիկ. Տէմիրճեանը բացատրեց, թէ Քրիստոս մեզ չի կանչեր ուժով կամ ահաբեկումով աշխարհը փոխելու, այլ՝ հեզութեամբ, սիրով եւ ճշմարտութեան վկայութեամբ։
Ան նաեւ, «խորագէտ եղէք օձերու պէս եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս» պատուէրը միացուց իմաստութեան եւ սրտի մաքրութեան․ ըսաւ, հաւատացեալը պէտք է զգօն ու հաստատ մնայ, բայց երբեք չկորսնցնէ իր խաղաղութիւնն ու անմեղութիւնը։
Ան նաեւ յիշեցուց, թէ հալածանքները, ներքին պայքարները եւ կեանքի դժուարութիւնները պէտք չէ տկարացնեն մեզ, այլ դառնան վկայութեան առիթ։ Աղօթքը, Քրիստոսի Խաչին մօտ մեր տառապանքները տանիլը եւ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնալը՝ այս է ճանապարհը։
Խորհրդածութիւնը աւարտեց Տիրոջ յստակ խոստումով․ «Ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի»։