Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութիւնը իր լիակատար նիստերը գումարեց 9-10 Յուլիս 2025-ին։ Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Գործադիր Վարչութեան մնայուն անդամի անձնափոխանորդ նշանակուեցաւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վարդապետ Աբրահամեան։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցան հայր Սարգիսը եւ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յանձնախումբի եւ Մ.Ա.Ե.Խ.ի Գործադիր Վարչութեան անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան։
Առաջին օրը, վաւերացուեցաւ նախորդ ժողովին ատենագրութիւնը, Խորհուրդի բաժանմունքներու պատասխանատուներուն կողմէ փոխանցուեցան կատարուած աշխատանքներուն մասին մանրամասն զեկոյցներ եւ ապա քննարկուեցան ներքին վարչական հարցեր։ Նիստերուն լայն տեղ գրաւեցին Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութեան, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու ճակատագիրին առնչուած խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ գործադրուած հակամարդկային արարքները եւ Եգիպտոսի մէջ յունաց վանքի կալուածային հարցը:
Երկրորդ օրը, յատուկ կարգադրութեամբ, Գործադիր Վարչութեան անդամները ցաւակցական ու զօրակցական այցելութիւն տուին Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազճի Պատրիարքին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումին առիթով։
Ժողովը նաեւ յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացուց՝ Մ.Ա.Ե.Խ.ի տնտեսական եւ վարչական յանձնախումբի իրաւասութիւնները ճշդելու եւ յառաջիկային հարկ եղած առաջարկները ժողովին ներկայացնելու համար։ Յիշեալ յանձնախումբին մէջ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքը կը ներկայացնէ դոկտ. Սալմանեան։
Նիստերու աւարտին, Գործադիր Վարչութիւնը հանդէս եկաւ վերոնշեալ նիւթերը բովանդակող յայտարարութեամբ մը: Նշենք, որ Վարչութեան յառաջիկայ ժողովը նախատեսուած է գումարել տարւոյս 10-12 Դեկտեմբերին։