Յիսուս անդամալոյծ մը կը բժշկէ
Քանի մը օրեր ետք Յիսուս վերադարձաւ Կափառնաում: Անմիջապէս որ լուր տարածուեցաւ թէ տան մէջ կը գտնուի, շատեր հաւաքուեցան հոն, այնքան՝ որ դրան առջեւ իսկ տեղ չէր մնացած: Եւ Յիսուս Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր անոնց:
Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին: Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին: Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.
-Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի:
Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք հոն նստած էին, սկսան մտքով քննադատել զայն. «Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել. ըրածը հայհոյութիւն է: Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել»:
Յիսուս վայրկեանին գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.
-Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք: Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ե՛լ, մահիճդ ա՛ռ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու:
Ու դառնալով անդամալոյծին, ըսաւ. -Քեզի կ’ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա:
Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ: Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ’ըսէին. -Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք:
Աւետարանի մէջ յիշատակուած այս դէպքով, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ներկաներուն ըսել եւ փաստել կ’ուզէ, թէ Ինքն է սպասուած Մեսիան եւ ճշմարիտ Աստուածը, որ Տէրն է հոգիներուն եւ մարմիններուն:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, հրաշք մը կատարելէ առաջ, մարդուն մէջ հաւատքն է որ կը փնտռէ: Հաւատքը առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Քրիստոսի համար: Անոր յաճախակի հարցումները կ’ըլլան բժշկութիւն հայցող հիւանդին. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ բժշկել ձեզ» (Մտ․ 9.28), «Հաւատքդ քեզ փրկեց. Խաղաղութեամբ գնա, եւ բժշկուէ՛ քու ցաւերէդ» (Մր․ 5.34), սա կը նշանակէ, թէ Քրիստոսի բժշկութիւն շնորհելու հարցը կախեալ է, բժշկուողին հաւատքէն:
Հետեւաբար, Քրիստոս ստուգելէ ետք իրեն բերուած անդամալոյծին, ինչպէս նաեւ զինք բերող մարդոց հաւատքը, կ’ըսէ. «Որդեակ մեղքերդ ներուած ըլլան քեզի» (Մր․ 2.5): Յիսուս միշտ ալ առաջնահերթութիւնը կու տայ հոգիին, նախ կը բժշկէ մարդու հոգին, ապա մարմինը: Այս խօսքերը սակայն կը գրգռեն այդտեղ գտնուող օրէնքի ուսուցիչներուն զայրոյթը, որոնք եկած էին ոչ թէ Քրիստոսը լսելու, այլ քննադատելու. «Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել, ըրածը հայհոյութիւն է. Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել» (Մր․ 2.7-8): Քրիստոս ըստ իր սովորութեան, նախ հիւանդին մեղքերը ներեց եւ ապա անդամալոյծին բժշկութիւն շնորհեց:
Անոնց դառնալով ըսաւ. «Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ե՛լ, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա՝» ըսելը» (Մր 2.9-10): Անշուշտ առաջինին մէջ խորհուրդ մը կայ, որ Քրիստոս ըսել կ’ուզէ թէ մարդու հոգեւոր բժշկութիւնը նախապայման է մարմնական բժշկութեան, իսկ երկրորդը սովորական արտայայտութիւն մըն է, որ հիւանդին առիթ կ’ընծայէ անգամ մը եւս մեղանչելու:
Անդամալոյծի բժշկութեան դրուագին մէջ երկու այլ հրաշքներ ալ կը յայտնուին:
Ա- Քրիստոս նոյն պահուն կը փաստէ թէ, Ինք իշխանութիւն ունի ինչպէս երկնքի՝ նոյնպէս երկրի վրայ, ինչպէս նաեւ մարդու հոգիին եւ մարմնին վրայ. «Մի վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել: Բայց վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ» (Մտ 10.28), որովհետեւ Յիսուս Աստուած է, նույնիսկ կրնայ մարդոց հոգին եւ մարմինը փրկել՝ եւ կամ կորուստի մատնել: Հետեւաբար, այս հրաշքով Քրիստոս իր աստուածութիւնը հաստատեց ներկաներուն:
Բ- Քրիստոսի աստուածութիւնը յայտնուելով իր հակառակորդները պարտութեան ենթարկեց, սակայն հոն մեծ թիւով մարդիկ կային, որոնք տեսնելով այս հրաշքը հաւատացին Քրիստոսին եւ սկսան հետեւիլ իրեն, այսպիսով Յիսուսի հռչակը եւ հետեւորդներուն թիւը կ’աճէր եւ կը բազմանար:
Յիսուս իր պատգամը աւարտելէ ետք կրկին անդամալոյծին դառնալով ըսաւ. «Քեզի կ’ըսեմ, ե՛լ, առ մահիճդ եւ տո՛ւնդ գնա» (Մր 2.11): Անդամալոյծը ոտքի ելլելով, այդտեղ հաւաքուած ամբոխին մէջէն անցնելով կը հեռանայ: Այս ձեւով երեք հրաշքներն ալ գործուած էին: Հետեւաբար այսօրուան հրաշքը մեզի կը թելադրէ, կատարեալ հաւատք ունենալ եւ վստահիլ Քրիստոսի, որովհետեւ Ան է մեր յոյսը եւ Տէրը մեր հոգիներուն եւ մարմններուն:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան