Մատուռ

Մատուռը Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ ծագում առած է մարտիրոսներու եւ վկաներու գերեզմաններուն վրայ փոքր եկեղեցիներու շինութեամբ։

Սակայն ճշդելու համար մատուռի եւ եկեղեցիի տարբերութիւնը, անոնց մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը պայմանական տւեալներ չեն։

Այլ այն կառոյցները, որոնց հիմերը օրհնուած են եւ հիմնաքարերը օծուած՝ եկեղեցի են։ Իսկ անոնց, որոնց հիմերը օրհնուած չեն եւ  հիմնաքարերը օծուած չեն, մատուռ  կը կոչուին, նոյնիսկ  եթէ օծեալ սեղաններ ունենան իրենց ներսը։