Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպուեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան: Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ: Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.
-Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ’ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար:
Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ’ըսէր.
-Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք:
Երբ աշակերտները լսեցին ասիկա, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան: Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ.
-Ոտքի՛ ելէք, մի վախնաք:
Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան:
Եւ մինչ լեռէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով.
-Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չ’առնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք:
Այն ատեն աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.
-Հապա ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ’ըսեն թէ նախ Եղիան պէտք է գայ:
Յիսուս պատասխանեց. -Ճիշդ է, Եղիան նախ գալով՝ պիտի պատրաստէ ամէն ինչ. բայց գիտցէք որ Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին: Նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնց կողմէ:
Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր ան:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան