ՄԱՏԹԷՈՍԻ  ԱՒԵՏԱՐԱՆ 14.13-21

Հինգ  հազարի  կերակրումը.

Երբ Յիսուս Յովհաննէսի գլխատումը լսեց, առանձինը նաւակ մտնելով՝ այդտեղէն գնաց ամայի վայր մը: Շրջանի քաղաքներուն բնակիչները լսելով ասիկա, քալելով հետեւեցան իրեն: Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց:

Երեկոյեան, իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին.

-Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը իրենց համար ուտելիք գնելու:

Յիսուս ըսաւ.

-Իրենք պէտք չունին երթալու: Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը:

Անոնք ըսին Յիսուսի.

-Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ:

Յիսուս ըսաւ.

-Հո՛ս բերէք զանոնք:

Եւ հրամայեց որ ժողովուրդը նստեցնեն խոտին վրայ: Ապա առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին: Բոլորն ալ կերան ու կշտացան. եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին: Իսկ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, իմանալով  «ճշմարտութեան ձայնին» Յովհաննէս Մկրտիչին գլխատումը կը տխրի եւ կ’ուզէ առանձնանալ: Նաւ բարձրանալով այդ տեղէն կ’երթայ ամայի վայր մը: Սակայն ժողովուրդը զինք հանգիստ չի ձգեր, աւետարանը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդնեը բժշկեց» (Մտ 14.14), որովհետեւ առանց հովիւի հօտի կը նմանէին:

Օրը կ’իրիկնանար, Յիսուս տակաւին երկնքի արքայութեան «Մարգարիտները» կը բաշխէր, կը քարոզէր ու կը բժշկէր, բոլորի հոգեկան եւ մարմնական ախտերը: Երեկոյեան աշակերտները ըսին Յիսուսի. «Ժամանակը ուշ է, արձակէ՝ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերէն իրենց համար ուտելիք գնելու» (Մտ 14.15): Յիսուս չուզեց արձակել ժողոխուրդը, ինք ուզեց կերակրել զանոնք: Ցոյց տալու համար իր սէրը եւ գուրգուրանքը, ու իր ամենակարող զօրութեամբ «հինգ հացերով եւ երկու ձուկերով», բոլորն ալ լիացուց աստուածատուր ուտելիքներով: Աւետարանը կ’ըսէ. «Ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիները եւ մանուկները չհաշուած» (Մտ 14.21):

Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ Քրիստոսի «ամայի վայր»ի մէջ հրաշագործելու գաղափարին մէջ աստուածային ծրագիր կը տեսնէ, որպէսզի ոեւէ մէկը չհամարձակի ըսելու թէ հաւանաբար օգտագործած են պահեստի ուտելիքներ:

Այդ օր Յիսուս առանց զննելու ժողովուրդին հաւատքը բժշկեց եւ կերակրեց բոլորը, որովհետեւ ժողովուրդին համար քաղաքը ձգել եւ վարդապետին հետեւիլը, մեծագոյն գրաւականն է եւ խօսուն վկայութիւնը անոնց հաւատքին: Յիսուս առատօրէն  բաշխեց իր ողորմութիւնը եւ ընդունեց բոլորը համաձայն իր խոստումին, թէ «Ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ» (Յհ 6.37):

Յիսուս այս հրաշքով հաստատեց թէ երկնաւոր Հայրը մեր աղօթքները կը լսէ եւ կը հոգայ մեր բոլորի կարիքները, նույնիսկ ամենադժուար պարագաներուն: Առիթով մը, Յիսուս կ’ըսէ. «Մի՝ մտահոգուիք եւ ըսէք. թէ ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք» (Մտ 6.31): Քրիստոս կը սպասէ որ մենք եւս գթասիրտ ըլլանք իրարու նկատմամբ իր օրինակին հետեւելով. «Գթասիրտ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ գթասիրտ է» (Ղկ 6.36):

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան