Մասնակցութիւն՝ Ոստիկանութեան Տարեկան Հաւաքին

Շաբաթ, 9 Օգոստոս 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կամաւորները, գործօն մասնակցութիւն բերին Թորոնթոյի Ոստիկանութեան 33-րդ ստորաբաժնի կազմակերպած տարեկան հաւաքին, ներկաներուն ծանօթացնելով եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը Թորոնթոհայ համայնքին: