ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ճրագալոյցի ժամերգութիւնը, որուն Ս. Գրային ընթերցումները կատարեցին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները։ Ապա, սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագը, զորս մատուցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան. Իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց՝ «Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասը՝ խմբավարութեամբ Տիկ. Հիլտա Գանտահարեանի:

Տէր Հայրը քարոզի բնաբան ընտրած էր Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն գրած Ա. Նամակի 15.17 համարը, որ կ’ըսէր. «Եթէ Քրիստոս Յարութիւն առած չէ, զուր է ձեր հաւատքը»:

Պատարագի աւարտին, հնչեց Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը աւետող «Այսօր Յարեաւ» շարականը եւ Քրիստոսի գերեզմանի լոյսը խորհրդանշող մոմը սուրբ խորանէն յանձնուեցաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Հայր Սուրբին, որ իր կարգին, զայն բաշխեց հաւատացեալներուն իբրեւ աւետիս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան։