ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 4։00-ին, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առաւ Սուրբ Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնին նախորդող Ճրագալոյցի ժամերգութիւնները, եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն առաջնորդութեամբ, սարկաւագներուն մասնակցութեամբ եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Ժամերգութիւններու ընթացքին, հնչեցին սաղմոսներն ու երգուեցան մեր եկեղեցւոյ հնադարեան գոհար շարականները։ Աւարտին, կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ընթերցեցին օրուան խորհուրդը ամփոփող աւետարանական հատուածները, փոխանցելով Քրիստոսի Ծննդեան լոյսն ու աւետիսը հաւատացեալ ժողովուրդին։