
Ուրբաթ, 29 Օգոստոս 2025-ին, ճամբարը իր աւարտին հասաւ։ Վերջին օրը, Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան խօսեցաւ համտեսելու զգայարանքին մասին, բացատրելով թէ ինչպէս Աստուած այս պարգեւը տուած է մեզի՝ լաւը վատ ուտելիքէն զատորոշելու եւ առողջ մնալու համար։ Այնուհետեւ, ան անդրադարձաւ լեզուի մեծ դերակատարութեան, ո՛չ միայն ուտելու եւ խօսելու, այլեւ զԱստուած փառաբանելու, աղօթելու եւ օրհնելու համար։ Այս կապակցութեամբ, Հայր Սուրբը յիշեց Յակոբոս Առաքեալի խօսքերը եւ բացատրեց, թէ Առաքեալը անընդունելի կը նկատէ նոյն լեզուով թէ՛ օրհնել եւ թէ՛ վատութիւն խօսիլ (Յակոբոս 3:5-10)։
Խաղերով, նուէրներով եւ զուարճալի պահերով լեցուն օրը իր աւարտին հասաւ յիշատակի խմբանկարով մը։ Իսկ մասնակիցները իրենց հետ տուն տարին այն ճշմարտութիւնը, թէ Աստուած մեզի զանազան պարգեւներով օժտած է, որպէսզի զանոնք բարի նպատակներու ծառայեցնենք։
Բիւր օրհնութիւն ճամբարի կազմակերպիչներուն, ուսուցողներուն եւ կամաւորներուն։