
Երեքշաբթի, 26 Օգոստոս 2025-ին, Կիրակնօրեայ դպրոցի մասնակիցները իրենց օրը սկսան աղօթքով։ Այնուհետեւ, անոնք ունկնդրեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի պատգամները, որոնք կը վերաբերէին լսողութեան զգայարանին։ Տէր Հայրը Աւետարանական մէջբերումներով եւ Յիսուսի կատարած հրաշքներուն օրինակներով պարզեց, թէ ինչպէս լսելու շնորհքը Աստուծոյ պարգեւ մըն է, որուն նպատակն է առաջնորդել մարդը դէպի ճշմարտութիւն, հաւատք եւ սէր։
Օրուան ընթացքին ճամբարի մասնակիցները իրենց ուսուցիչներուն հետ ունեցան տարբեր դասարանային եւ wishingwell Park-ին մէջ արտադասարանային գործունէութիւններ։ Անոնք օրը աւարտեցին գեղեցիկ յուշերով եւ նոր փորձառութեամբ։