Հ.Յ.Դ. 135-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան 135-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութեան։ Իր խօսքին մէջ, Գերպ. Հայրը Սուրբը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական օրհնութիւնը, ջերմ շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները եւ ընդգծեց Եկեղեցւոյ շարունակական զօրակցութիւնը ազգային կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն։