Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ Գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարի նշանաբանով մը դրոշմելու քառորդ դարու վրայ հաստատած իր աւանդութիւնը նոր օղակով մը հարստացուց, 2026 տարին հռչակելով՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ։
Այս առթիւ, Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագին, հաւատացեալներուն ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի 2026 տարուան Հռչակագիրը։
Նոյն օր, յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին, Թեմիս բոլոր Եկեղեցիներէն ներս կարդացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին, «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ» հռչակագիրը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ