ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՍՕՐ

Այսօր, պայմաններու բերումով մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր կեանքը չի ներկայացներ նոյն կենսունակ վիճակը ու հարազատ պատկերը՝ յարաբերաբար անցեալին: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է հետեւեալ մատնանշումները կատարել.–
Առաջին, մեր եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոն: Բնականաբար, ուղղափառ եկեղեցիներու նման հայ եկեղեցին եւս կը շարունակէ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ ծիսական կեանքին՝ նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը հոգեւոր կեանքի զարգացման մէջ: Հետեւաբար, մեկնելով այս իրողութենէն, հրամայական եւ անյետաձգելի կը համարենք ծիսական կեանքի բարեփոխումը՝ ներկայ պայմաններու ու պահանջներու պատշաճեցումով, աւանդութիւններու ու տօնախմբութիւններու ճոխացումով եւ ժողովուրդին գործօն մասնակցութեամբ:
Երկրորդ, դարձեալ պայմաններու բերումով, պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան եւ ծառայութեան մէջ ազգայինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին: Մասնաւորաբար ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռքահայ կեանքէն ներս, հայապահպանման մտահոգութենէն մղուած, եկեղեցին առաւելաբար շեշտած է իր ազգային դերակատարութիւնը: Առանց անտեսելու ազգային արժէքներու կարեւորութիւնը, անհրաժեշտ է որ եկեղեցին յատուկ նախաձեռնութիւններու դիմելով շեշտէ հոգեւոր արժէքներու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս՝ որպէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակութային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:
Երրորդ, իրապաշտ մօտեցումը այսօր ցոյց կու տայ, թէ մեր կրօնական շրջանակներէն ներս հոգեւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդհանրապէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէ ներս՝ լու-
սանցքային: Ճի՛շդ է, յատկապէս տօնական օրերուն մեր եկեղեցիները լեցուն են հաւատացեալներով: Ճի՛շդ է, մեր գաղութներուն մէջ կը գործեն հոգեւոր եղբայրակցութիւններ: Նաեւ ճի՛շդ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ու իր թեմերը յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայեն հոգեւոր կեանքի աճման՝ սուրբ գրոց սերտողութիւններու, հոգեւոր լսարաններու, սրբոց տօնախմբութիւններու, քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմակերպումով ու ծաւալումով, ինչպէս նաեւ ծիսական կեանքին մեր հաւատացեալներուն հետզհետէ աճող մասնակցութեամբ: Սակայն, հոգեւոր արժէքներու ներթափանցումը մեր անհատական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքէն ներս տակաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նախաձեռնութիւններու ու հետեւողական աշխատանքներու: Ինչպէ՞ս…:
Այս հարցադրումին անդրադառնալէ առաջ, անհրաժեշտ կը նկատենք նախ ընդհանուր ակնարկ մը նետել հոգեւոր կեանքի յատկանշական երեսներուն:
Ի՞ՆՉ Է ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ
Հոգեւոր կեանքի ճշգրիտ հասկացողութեան համար հրամայական է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.–
- Հոգեւոր կեանքը այնպիսի կեանքի որակ է, որուն առանցքը Քրիստոս ինքն է՝ իր ուսուցումները, հրաշքներէն եկող պատգամները, իր խաչն ու յարութիւնը: Այլ խօսքով, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան խորհուրդն ու փրկագործական նպատակը՝ շաղախուած մարդու կեանքին, մտածումին ու գործին հետ: Պօղոս Առաքեալ կը հաստատէ՝ «Ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ կ’ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ’ապրիմ մարմնով, կ’ապրիմ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց ինծի համար»: (Գղ 2.20): Ահա հոգեւոր կեանքի հիմքը:
- Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգիով ներշնչուած կեանքի ընթացք մըն է, մարդու կեանքին իմաստ ու արժէք տուող հաւատքի մնայուն փնտռտուք մը: «Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ, Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5)՝ հարց կու տայ Առաքեալը:
- Հոգեւոր կեանքը Աստուծոյ շնորհքով փրկութեան հրաւիրուած ըլլալու կեանք է, եւ փրկութեան ճանապարհէն հաւատքով ու հաւատարմութեամբ քալելու յանձնառութիւն է՝ միշտ զգոյշ ըլլալով չհեռանալու փրկութեան ճամբէն՝ ինչպէս կը յիշեցնէ Առաքեալը (Եբր 2.1):
- Հոգեւոր կեանքը ինքնակեդրոն կեանք չէ՝ հեռու աշխարհի իրականութիւններէն: Ան աշխարհի ժխորին մէջ երկնային արժէքներով ապրուած հաւատքի, սիրոյ ու զոհողութեան կեանք է. «Աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անարատ պահելն է»՝ կ’ըսէ Առաքեալը (Յկ 1.27):
- Հոգեւոր կեանքը ինքնանպատակ կեանք չէ. քրիստոնեան իր կեանքը չ’ապրիր սոսկ իր անձին համար, այլ գերազանցօրէն՝ երկրի վրայ երկնային ճշմարտութիւններու կենսագործման, Աստուծոյ փառքին ու թագաւորութեան համար:
- Հոգեւոր կեանքը էապէս աղօթքի կեանք է: Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը հիմքը կը կազմէ հոգեւոր կեանքին: Քրիստոս աղօթքին առանցքային կարեւորութիւնը շեշտեց եւ նոյնիսկ իր աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէս աղօթել (Մտ 6.5-14, Ղկ 11.1-13):
- Հոգեւոր կեանքը հաւատքով թրծուած ու յոյսով զօրացած կեանք է: Արդարեւ, իր երկրաւոր կեանքը Քրիստոսի նկատմամբ իր ունեցած հաւատքով ու յոյսով հզօրացուցած Պօղոս Առաքեալ կը վկայէ՝ «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք» (Բ.Կր 4.8-9): Այլ նամակի մը մէջ ան կ’ըսէ՝ «Նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.3-4):
- Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ զինուած պայքարի կեանք է. պայքար՝ աշխարհի ապականութիւններուն ու մեղքերուն, չարիքներուն ու չարերուն դէմ: Պայքար չարի դէմ՝ չարին բարիով յաղթելու հաւատքով ու կամքով կռանուած (Հռ 12.21): Առաքեալը կը յիշեցնէ. «Աշխարհին հետ բարեկամութիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամութիւն ընել կը նշանակէ» (Յկ 4.4):
- Հոգեւոր կեանքը Քրիստոսի օրինակով ուրիշին օգտակար ըլլալ է, աղքատին, կարօտեալին, հիւանդին ծառայել է՝ անհուն սիրով ու նուիրումով: «Հօր Աստուծոյ համար անկեղծ եւ իսկական բարեպաշտութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրիներուն այցելու եւ օգնական ըլլալն է» կ’ըսէ Առաքեալը (Յկ 1.27):
- Հոգեւոր կեանքը ո՛չ միայն երկնային ճշմարտութիւններով ապրուած կեանք է. այլ՝ զանոնք իր կեանքի օրինակով վկայող, արտայայտող ու տարածող առաքելութիւն է: Արդարեւ, իր կեանքը առաքելութեան վերածած Պօղոս Առաքեալի վկայութեամբ՝ «Աստուծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ» (Ա.Կր 14.4):
- Հոգեւոր կեանքը անմնացորդ սիրոյ բաշխում է հոն՝ ուր սէրը բացակայ է, հոն՝ ուր ատելութիւն ու չարիք սերմանուած են: Հոգեւոր կեանքը սիրել է մեզ ատողը ու հալածողը: Լսենք Առաքեալին պատուէրը.– «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու… ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կղ 3.13):
- Հոգեւոր կեանքը հեռու մնալ է հաճոյքով, փառքով եւ նիւթական առաւելութիւններով յղփացած կեանքէն ու Քրիստոսի ետեւէն քալել է՝ սիրոյ, խոնարհութեան ու ծառայութեան խորհրդանիշ խաչը մեր ուսին, ինչպէս Քրիստոս թելադրեց (Մտ 16.24):
- Հոգեւոր կեանքը դաւանական տեսակէտերէ ու աստուածաբանական ուսուցումներէ հեռու, երբեմն նոյնիսկ զանոնք անտեսող մօտեցումներով յատկանշուող կեանքի ընթացք չէ. այլ եկեղեցւոյ ինքնութեան ու համայնական կեանքին նկատմամբ հաւատարմութեամբ ընդելուզուած կեանք է:
- Հոգեւոր կեանքը եկեղեցիէն անջատուած անձնակեդրոն կեանք չէ. հոգեւոր ու բարոյական արժէքները եկեղեցիէն դուրս ապրելու իւրայատուկ եղանակ մը չէ. այլ՝ եկեղեցւոյ համայնական կեանքի շրջագծէն ներս, հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:
- Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ ներգործող ներկայութեամբ շաղախուած համբերութեան ու խոնարհութեան կեանք է: Իր կեանքին օրինակով Պօղոս Առաքեալ կը պատուիրէ համբերութեամբ ու խոնարհութեամբ յանձն առնել նեղութիւնը, վիշտը ու չարչարանքը (Բ.Կր 6.4-6), եւ ապա կ’աւելցնէ՝ «Մի այլայլիք՝ ոչ փառքէն եւ ո՛չ անարգանքէն, ո՛չ գովասանքէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն» (Բ.Կր 6.8):
- Հոգեւոր կեանք ապրիլ չի նշանակեր աշխարհէն հեռանալ, այլ՝ հոգեւորը նկատելով գերիվեր քան նիւթականը, պայքարիլ է նոր ժամանակներու կռապաշտութեան ու հեթանոսութեան չաստուածներուն դէմ, որոնք տեսանելի ու անտեսանելի կերպերով մեզ կը շրջապատեն:
- Հոգեւոր կեանքը, հաւատացեալի եւ հոգեւորի միջեւ տարբերութիւն տեսնող կեանք չէ, առաջինը նկատելով՝ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու աւանդութիւններուն հետեւող, երկրորդը՝ իր հոգեւոր կեանքը ի՛նք ստեղծող: Նման անջատում ճի՛շդ չէ: Միւս կողմէ, եկեղեցւոյ պատկանիլը բնական ընթացքով հոգեւոր չի դարձներ ենթական: Հոգեւոր կեանքը, ինչպէս ըսինք՝ եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մէջ հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:
Արդ, որքա՜ն դժուար է հոգեւոր կեանք ապրիլը, չարով ու մեղքով լեցուն աշխարհին մէջ: Սակայն, մկրտութեամբ Քրիստոսին հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեան կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ կոչուած է Քրիստոսը ապրիլ: Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ մարդուն կեանքը:
Հարկ է զգոյշ ըլլալ հոգեւոր կեանքի սխալ ըմբռնումներէն ու արտայայտութիւններէն: Հաւատքի ու բանականութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ծէսին ու աւանդութիւններուն ներդաշնակ յարաբերութիւնը հարկ է յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ հոգեւոր կեանքին մէջ, այլապէս ան կրնայ հեռացնել ենթական Աստուածաշունչի ու դաւանանքի ուղղափառ հասկացողութենէն, եւ առաջնորդել ո՛չքրիստոնէական տարածքներ: Հարկ է նաեւ հեռու մնալ հոգեւոր կեանքի չափազանցուած ցուցական արտայայտութիւններէն՝ մոռնալով էականը եւ սոսկ արտաքին ձեւը նկատելով կարեւոր: Միշտ յիշենք Փարիսեցիին եւ Սադուկեցիին առակը (Ղկ 18.9-14):
Շար. 3
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ