ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ 

Աստուածաշունչը կը պարունակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը՝ գրի առնուած Սուրբ Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ: Հետեւաբար, Աստուածաշունչը աստուածային ճշմարտութիւններու, սկզբունքներու, արժէքներու, պատուիրաններու եւ ուսուցումներու  ամբողջութիւն մըն է: Հին Կտակարանը կը շեշտէ մարդուն մեղանչումը եւ մարգարէներու թելադրութիւնը ու յիշեցումը՝ վերադառնալու Աստուծոյ, մարդուն մէջ վերականգնելու Աստուծոյ անկեալ պատկերը ու նմանութիւնը: Նոր Կտակարանը Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեամբ ու առաքելութեամբ իրագործուած կոչ մըն է մարդուն՝ ապրելու Քրիստոսով տրուած «լեցուն կեանքը» (Յհ 10.10), հետեւելու երկնային արժէքներու եւ ընթանալու փրկութեան ճանապարհէն: Արդ, Աստուածաշունչին համաձայն, հոգեւոր կեանքը մարդուն վերադարձն է իր երկնաւոր հօր՝ Աստուծոյ, ան Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւիլ է՝ երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէքներու կենսագործումով:  

Հոգեւոր կեանքը զանազան կերպերով ու աւանդութիւններով կ’արտայայտուի եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Քրիստոնէութեան եզակի երեւոյթներէն մէկը հաւատքի ու մշակոյթի միախառնումն է. այլ խօսքով՝ հաւատքը ինքզինք կ’արտայայտէ տուեալ մշակոյթի ճամբով եւ մշակոյթը քրիստոնէական նկարագիր կը ստանայ հաւատքի ազդու ներկայութեամբ: Այս իրողութիւնը ո՛չ միայն մեր եկեղեցւոյ, այլ բոլոր եկեղեցիներուն առնչուած յատկանշական երեւոյթ մըն է: Ահա թէ ինչու, նկատի ունենալով ազգերու մշակոյթներուն տարբերութիւնը, հոգեւոր կեանքը տարբեր արտայայտութիւն ու շեշտաւորում ունեցած է քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Հին դարերէն սկըսեալ Աստուածաշնչական ուսուցումներուն ու մշակոյթի կողքին նաեւ խորհրդապաշտութիւնը, դիցաբանութիւնը եւ բնազանցութիւնը իրենց որոշակի ազդեցութիւնը ունեցած են ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքին ու մտածողութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի զանազան երեսներուն ու յատկապէս վանականութեան վրայ:  

Ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ ընդհանրապէս շեշտը դրուած է ծիսական ու վանական կեանքին վրայ: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մօտ վանական կեանքին առընթեր՝ աստուածաբանական մտածողութեան վրայ: Բողոքական եկեղեցիներու մօտ Աստուածաշունչը կեդրոնական ներկայութիւն եղած է, որպէս հոգեւոր կեանքի աղբիւր: Ափրիկեան եկեղեցիներ, ինչպէս մատնանշեցինք, կը շեշտեն արուեստներու ու յատկապէս երաժշտութեան ու պարի կարեւորութիւնը, որպէս հոգեւոր ապրումներու հարազատ արտայայտութիւն: Ասիական եկեղեցիները, որպէս փոքրամասնութիւն շրջապատուած ըլլալով այլ կրօններով, կրած են անոնց մտածելակերպին ու կենցաղակերպին զօրեղ ազդեցութիւնը: Իսկ Ամերիկայի ափրիկեան ծագում ունեցող Աւետարանական եկեղեցիները առաւելաբար ցուցական երեւոյթներու կարեւորութիւն կու տան, ազդուելով  ափրիկեան մշակութային աւանդութիւններէն: Հետեւաբար, հոգեւոր կեանքը այսօր տարբեր կերպերով ու շեշտաւորումներով կը ներկայանայ մեզի քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Բնականաբար, այս բոլորին հիմքը ու հէնքը երկնային արժէքներու հաւատարմութեամբ՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ է երկրաւոր կեանքին մէջ:  

Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան քրիստոնէական աշխարհին մէջ երկու երեւոյթներ կը մնան մտահոգիչ եւ ո՛չ ընդունելի.– Առաջին, քրիստոնէութեան աւանդական արժէքներէն ու աստուածաբանական ուսուցումներէն հետզհետէ հեռացումը եւ արեւելեան կրօններու աւանդութիւններու ու կերպերու որդեգրումը: Երկրորդ, «հաւատալը», որպէս անհատական ապրում, եւ մկրտութեամբ եկեղեցւոյ «պատկանիլը» իրարմէ անջատելը՝ առաջնահերթութիւն տալով առաջինին եւ փաստօրէն անտեսելով երկրորդը: Յիշեալ զարգացումներուն նկատմամբ եկեղեցիները խիստ վերաբերում ցոյց տուած են:  

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ 

 Հպանցիկ ակնարկ մը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.–  

Ծէսի ճամբով առաւելաբար արտայայտուած է հոգեւոր կեանքը հայ եկեղեցւոյ մէջ: Հին դարերէն սկսեալ ծէսը կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան զարգացման, դաւանաբանական տեսակէտներու բանաձեւման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կազմաւորման մէջ: Երեւոյթ մը, որ ընդհանրական կարելի է նկատել յատկապէս ուղղափառ եկեղեցիներու մօտ: Արդարեւ, ժամերգութիւններու, խորհրդակատարութիւններու, սրբոց տօնակատարութիւններու եւ եկեղեցական աւանդութիւններուն աղբիւրը եղած է ծիսական կեանքը՝ բնականաբար առանցք ունենալով սուրբ եւ անմահ պատարագը:  

Վանական կեանքը եւս անմիջականօրէն առնչուած ըլլալով ծէսին, եղած է հոգեւոր կեանքի կարեւոր շրջագիծը: Հեռու առօրեայ կեանքէն, եւ եկեղեցւոյ ծէսին ամբողջական ու հարազատ կատարումով, ինչպէս նաեւ խստակրօն կենցաղակերպով յատկանշուող վանական կեանքը դարձած է հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս ուղղափառ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մօտ, հոգեւոր կեանքին ամենէն ցայտուն ու համապարփակ արտայայտիչը: Այսօր, դժբախտաբար, մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս պայմաններու պարտադրանքով վանական կեանքը փաստօրէն նահանջած է: Վանական կեանքի, վերականգնումը հարկ է որ կարեւոր տեղ գրաւէ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան օրակարգին վրայ: 

Մշակոյթը դարձած է մեր բարոյական, ծիսական, աստուածաբանական, դաւանական եւ ընդհանրապէս հոգեւոր արժէքներու զարգացման ու արտայայտման էական միջոց: Կարելի չէ հոգեւոր կեանքը իր բոլոր տարածքներով անջատել հայ մշակոյթէն, եւ՝ փոխադարձաբար:  Ինչպէս բոլոր եկեղեցիներու պարագային, նաեւ հայ եկեղեցւոյ մէջ պատմութեան ընթացքին հոգեւոր կեանքը ենթակայ դարձած է միջավայրի ազդեցութիւններուն: Մերձաւոր Արեւելքէն ներս մեր եկեղեցին, մնայուն կապեր ունենալով ասորական, յունական եւ լատինական հոգեւոր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն հետ, որոշ տարրեր առած է անոնցմէ, զանոնք հայացուցած ու միախառնած իր աւանդութիւններուն: Արեւմուտքի մէջ եւս մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը միշտ ենթակայ եղած է իր շրջապատի ազդեցութիւններուն: Սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքի ինքնարտայայտութեան կերպերը եւ շեշտաւորումները ժամանակի ընթացքին որոշ փոփոխութիւն կրած են, մեր հոգեւոր կեանքը կրցած է պահել իր իւրայատուկ ինքնութիւնը՝ Աստուածաշունչը, մեր հայրապետներու հոգեւոր գրականութիւնը, մեր սուրբերուն վարքը եւ դարերու փորձառութիւնը ունենալով ներշնչման աղբիւր եւ ուղեցոյց:

Շար.2

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ