Հոգեւոր Հայրերու Մասնակցութիւնը Երէցներու Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան ճաշկերոյթին

Երեքշաբթի, 20 Յունուար 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայրերը ներկայ գտնուեցան Հայ Կեդրոնի Երէցներու համախմբումին կազմակերպած Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան սիրոյ սեղանին։ Այս առթիւ, Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան սեղանի օրհնութիւնը կատարեց եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը։