
Երկուշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Եորիոսի հետ։ Հանդիպման, Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ու Գրիգոր Մահսերեճեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Լիմասոլի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, Լառնագայի եւ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Տէր Մաշտոց եւ Տէր Մոմիկ, Կիպրոսի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Գազանճեան։ Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, ընդգծուեցաւ երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը, լայնօրէն քննարկուեցան Կիպրոսի հայ համայնքին առընչուող հարցեր, Կիպրոսի հարցին ուղղութեամբ բանակցային գործընթացը, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած տարածքի մէջ եկեղեցական կալուածներու ճակատագիրը։