ՀԱՆԳԻՍՏ

Ի Տէր հանգեաւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան` Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիրելի եւ նուիրեալ քահանան։

Իր հովուական ծառայութեամբ, հաւատքով եւ խոնարհ ներկայութեամբ ան երկար տարիներ ծառայեց հաւատացեալ ժողովուրդին՝ իբրեւ բարի հովիւ եւ Քրիստոսի նուիրեալ սպասաւոր։

Թող Ամենակալ Աստուած ընդունի իր հոգին երկնաւոր հանգիստին մէջ, եւ մխիթարութիւն պարգեւէ իր ընտանիքին, ծառայակիցներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն։