Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ ժամանակի ընթացքին սկսան կազմակերպուիլ զանազան ժամերու նուիրուած արարողութիւններ։
Հայ Եկեղեցւոյ ներկայ ժամակարգութեան մէջ գոյութիւն ունին եօթը անջատ ժամերգութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կատարուի օրուան որոշեալ ժամերուն։
Այսպէ՛ս.
1. ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ։ Այս ժամերգութիւնը անցեալին կը կատարուէր կէս գիշերէն ետք լուսաբացէն առաջ, (իսկ հիմա՝ առաւօտուն), խնդրելով Հօր Աստուծմէ, որ Սատանայական փորձութիւններէ պահէ պահպանէ մեզ բոլորս եւ մնացեալ գիշերը խաղաղութեամբ անցընէ՝ արժանի դարձնելով մեզ առաւօտեան լոյսը տեսնելու։
2. ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ։ Այս ժամերգութիւնը կը կատարուի առաւօտուն։ Բացուող արշալոյսին հետ մեր աղօթքը կ’ուղղենք մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, որով իր հրաշալի Յարութեան օրը, նոյն պահուն էր որ երեւցաւ իր մարմինը օծելու եկող Իւղաբեր Կիներուն (Մատթէոս 28.1, 9-10)։

3. ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ։ Այս ժամերգութիւնը այսօր կը կատարուի Քառասնօրեայ Մեծ Պահքի ընթացքին, եւ ուղղուած է Ս. Հոգիին եւ Քրիստոսի Յարութեանը, երբ երեւցաւ իր աշակերտներուն (Յովհաննէս 20.19-29)։
4. ՃԱՇՈՒ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ։ Այս ժամերգութիւնը բաղկացած է երեք կարճ ժամերգութիւններէ, որոնք նախապէս առանձին¬ առանձին կը կատարուէին, իսկ հիմա միասնաբար կը կատարուին։ Անոնք են.¬
ա․ ԵՐՐՈՐԴ ԺԱՄ (կը համապատասխանէ առտւօտեան ժամը 9ին)։ Այս ժամուն մեր աղօթքը կ’ուղղենք Ս. Հոգիին, եւ կը յիշատակենք նախամայր Եւայի դրախտին մէջ արգիլեալ պտուղի ճաշակելը եւ Յիսուսի միջոցաւ ազատութեան շնորհումը։
բ․ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԺԱՄ (կը համապատասխանէ կէսօրուան ժամը 12ին)։ Այս ժամուն մեր աղօթքը կ’ուղղենք Հօր Աստուծոյ, յիշատակելով Յիսուսի խաչելութիւնն ու չարչարանքը։
գ․ ԻՆՆԵՐՈՐԴ ԺԱՄ (կը համապատասխանէ յետ միջօրէի ժամը 3ին)։ Այս ժամուն մեր աղօթքը կ’ուղղենք Որդի Աստուծոյ, յիշատակելով անոր մահն ու հոգին աւանդելը։
5. ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ։ Այս ժամերգութիւնը կը կատարուի ամէն օր, ինչպէս անունէն ալ կ’երեւի՝ երեկոյեան ժամուն, եւ կը յիշատակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն վար առնուիլը, ճերմակ կտաւով պատանքուիլը եւ գերեզմանին մէջ դրուիլը (Մարկոս 15.42-46)։
6. ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ։ Այս ժամերգութիւնը ընդհանրապէս կը կատարուի Քառասնօրեայ Մեծ Պահքի շրջանին, փոխարինելով Երեկոյեան Ժամերգութիւնը։ Ուղղուած է Ս. Հոգիին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ Բանին՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ գերեզման դրուելէ ետք դժոխք իջաւ եւ այնտեղ քարոզեց հոգիներուն (Ա. Պետրոսի 4.6)։
7. ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ։ Քառասնօրեայ Մեծ Պահքի շրջանին յատուկ այս ժամերգութիւնը կը կատարուի արեւնամուտէն յետոյ, քնանալէ առաջ։ Ուղղուած է Հօր Աստուծոյ, խնդրելով իրմէ՝ որ իր Միածին Որդիին Ս. Աջովը պահէ մեզ գիշերային խաւարէն ու սարսափէն։
Շարունակելի
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան