ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԵՔ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ

Կիրակի, 23 Փետրուար 2025-ին, Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ կատարեց եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Գերպտ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի, Գերպտ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի եւ Գերպտ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Աշըգեանի։

Հայրապետական շքեղ թափօրը, եկեղեցւոյ սրտագրաւ ղօղանջներուն ներքեւ, Վեհարանէն սկիզբ առնելով՝ ուղղուեցաւ Մայր Տաճար։ Թափօրին մաս կը կազմէին հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր կարգերը եւ ընծայեալներու թեմերու ժողովուրդի ներկայացուցիչները, Հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսները՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանն ու Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեանը, ինչպէս նաեւ խարտաւիլակ հայր սուրբը՝ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը, եւ հայրապետական ամպ հովանին կրելու պատիւը ունեցած Պերճ Աբգարեանը, Թագւոր Յովակիմեանը, Ռազմիկ Գարակիւլեանը եւ Արսէն Գալֆայեանը։

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, հիւր հոգեւորականներ, ընծայեալներու ընտանիքներ, ազգականներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալներ։

Արարողութեան բոլոր աղօթքները կը խնդրէին Ամենակալէն, որ Իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ նորընծայ եպիսկոպոսներուն վրայէն, որպէսզի կարողանան իրենց վստահուած Աստուծոյ ժողովուրդը հովուել եւ դէպի բարին ու ճշմարիտը առաջնորդել։ Յուզիչ էր այն պահը, երբ խարտաւիլակ հայր սուրբը Սրբալոյս Միւռոնը բերելով Սուրբ Խորան՝ յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ ան, իր կարգին, օծեց ճակատն ու աջ ձեռքին բթամատը Տ. Սահակ եպիսկոպոսին, Տ. Պետրոս եպիսկոպոսին եւ Տ. Տաճատ եպիսկոպոսին։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը անոնց շնորհեց եպիսկոպոսական գաւազան ու մատանի՝ աղօթելով. «մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի Հայրը, որ Իր կամքով ձեզ եպիսկոպոսական պատիւին բարձրացուց, Իր կարողութեամբ ահա ձեզ կը կնքէ այս սուրբ օծումով եւ առատապէս կը լեցնէ հոգեւոր օրհնութեամբ»։

Ձեռնադրութեան ու օծման արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ ««Ուրախ լեր, եկեղեցի՛ Քրիստոսի», որովհետեւ այսօր Քրիստոսատուր առաքելութեան կու գան միանալու երեք զինուորագրեալ եպիսկոպոսներ, Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուած առաքելութիւնը իրենց կեանքով ու մանաւանդ ծառայութեամբ իրագործելու» ըսելով սկսաւ իր քարոզը Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին մեր հասկացողութեամբ քարեղէն կառոյցը չէ, այլ իր էութեամբ առաքելութիւն է, որ ժողովուրդի կեանքին մէջ կ’իրագործուի հոգեւորականներու միջոցաւ։ «Հոգեւորականն է, որ Քրիստոսակեդրոն ու Քրիստոսանպատակ առաքելութիւնը կոչուած է ժողովուրդի կեանքին մէջ կեանքի՛ վերածելու» ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ այս առաքելութեան երեք հիմնական տարրերն են վկայութիւնը, աւետարանչութիւնը եւ դաստիարակութիւնը։ Վկայութիւն՝ Քրիստոսն է աշխարհի միակ Փրկիչը. աւետարանչութիւն՝ Աւետարանի արժէքները աւետել աշխարհին, եւ դաստիարակութիւն՝ Աւետարանի արժէքներով քրիստոնեան կերտել մարդուն մէջ։ «Ահաւասիկ, այս սկզբունքներէն մեկնած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին միաբանութեան պատկանող երեք հոգեւորականներ այսօր անգամ մը եւս ուխտեցին վերանորոգ ոգիով ու նուիրումով ծառայելու Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր ժողովուրդին», ըսաւ Նորին Սուրբ Օծութիւնը։

Ապա, խօսքը ուղղելով նորընծայ եպիսկոպոսներուն՝ Հայրապետը ըսաւ. «Այո՛, այսօր դուք դարձաք մեր եկեղեցւոյ իշխանները, սակայն չշփոթէք այս իշխանութիւնը աշխարհի արքունի աստիճաններու հետ։ Դուք պէտք է ըլլաք եկեղեցւոյ ճշմարի՛տ իշխանները, այլ խօսքով անոր սպասաւորները եւ մեր ժողովուրդին ծառաները՝ հետեւելով մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին։ Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիհիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր միաբանութեամբ, այսպէս ըմբռնած է ու կ’ըմբռնէ ընդհանարպէս հայ հոգեւորականին եւ մանաւանդ եպիսկոպոսին դերը։ Իշխա՛ն, այո՛, սակայն իշխանաբա՛ր ծառայելու, ինչպէս Քրիստոս Ի՛նք ծառայեց։ Իմ սպասումս է, որ մեր երեք նորընծայ եպիսկոպոսները այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով, իրենց դիմաց ունենալով իշխաններու Իշխանը ու ծառաներու Ծառան՝ Քրիստոսը, եւ լսելով Անոր պատգամը, երթան իրենց վստահուած ծառայական դաշտ եւ Աւետարանի սկզբունքներով, արժէքներով ու ճշմարտութիւններով ծառայեն Աստուծոյ, ծառայեն մեր ժղովուրդին եւ ծառայեն մեր Հայրենիքին։ Ահաւասիկ հոգեւորականներուս կոչումը. ահաւասիկ մեր եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան սրբազան կոչումը», եզրափակեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը։

«Ողջոյն»-ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետն ու միաբան հայրերը նորաօծ եպիսկոպոսներուն միւռոնադրոշմ ճակատն ու ձեռքերը համբուրելով՝ շնորհաւորեցին զանոնք եւ արդիւնաբեր ու պտղալի ծառայութիւն մաղթեցին։

Ապա, տեղի ունեցաւ նորաօծ եպիսկոպոսներուն ճակատի ու ձեռքի լուացումը։ Տ. Սահակ եպիսկոպոսին ճակատն ու ձեռքը լուաց կնքահայր Արսէն եւ Վերոնիք Գալֆայեանները. Տ. Պետրոս եպիսկոպոսին՝ կնքահայր Ռազմիկ Գարակիւլեանը, իսկ Տ. Տաճատ եպիսկոպոսին՝ Պերճ եւ Արփի Աբգարեաննները։

Աւարտին, նորընծայ եպիսկոպոսները հաւատացեալ ժողովուրդէն շնորհաւոր-ութիւններ ընդունեցին եկեղեցւոյ դասուն մէջ՝ Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանին առջեւ։