ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, տեղի պիտի ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան յատուկ դասընթացք, 8 Ապրիլ 2026-էն սկսեալ։

​Դասընթացքը կը վարէ Ուսումնագիտական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։ Այս դասընթացքը իւրայատուկ ծրագիր մըն է, որ կը միաձուլէ սուրբ գրային եւ տեսական աստուածաբանութեան մօտեցումները (biblical and systematic theology)։

Հայր Գեղարդին սկզբունքային համոզումն է, որ՝ Աստուածաբանութիւնը պէտք է առաջնորդէ Աստուածճանաչութեան, եւ հետեւաբար՝ Աստուածպաշտութեան ու փառաբանութեան։

​Դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ ամսական դրութեամբ, այսինքն՝ ամիսը մէկ պահ, որպէսզի մասնակիցները առիթը ունենան լաւապէս սերտելու նախորդ դասը եւ պատրաստուելու յաջորդին։ 

Այս դասընթացքը բացառիկ առիթ մըն է այն երիտասարդներուն համար, որոնք կ՚ուզեն խորացնել Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն մասին իրենց ծանօթութիւնը։ Ծրագիրը կը միտի մասնակիցներուն հայթայթել Սուրբ Գրային հիմերու վրայ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ ուսուցման համապարփակ ընկալումը։

Անցնող երեք տարիներու ընթացքին ունեցած ենք 27 շրջանաւարտներ, որոնք ստացած են Ազգային Առաջնորդարանի համապատասխան վկայագրերը։

Կը հրաւիրենք մեր երիտասարդները մասնակցելու՝ ինքնութեան հետազօտումի եւ հոգեւոր աճումի այս ուղեւորութեան։   ​

Դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ներքնայարկը եւ նաեւ առցանց, Zoom-ով։       

Դասընթացքին արձանագրուելու համար գրել Հայր Գեղարդին. – Fr.Keghart@ArmenianPrelacy.ca հասցէին։