Զ. Հակիրճ ներկայացում՝ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան մասին
Հայ Եկեղեցին պատմական Հայաստանի մէջ եղաւ թագաւորութեան եւ նախարարական տուներու հիմնական դաշնակիցը։ 301 թուականին Տրդատ Գ Թագաւոր եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմնեցին աշխարհի առաջին պետական քրիստոնէական եկեղեցին։ Եկեղեցին ստանձնեց հոգեւոր եւ մշակութային առաջնորդութեան դեր՝ ամրապնդելով թագաւորական իշխանութիւնը։ Արշակունիներու օրով զարգացան դպրութիւն եւ թարգմանութիւններ։ Պետութեան անկումէն ետք Եկեղեցին դարձաւ ազգային ինքնուրոյնութեան պաշտպան՝ մերժելով օտար դաւանանքներ։ Վարդանանց ժամանակ նախարարները եւ Եկեղեցին միացան հաւատքի եւ ազատութեան պաշտպանութեան մէջ։ Բագրատունեաց դարաշրջանին Եկեղեցին սերտօրէն կապուած էր թագաւորներուն հետ՝ նպաստելով մշակութային ծաղկումին։ Կիլիկիոյ թագաւորութեան օրով Եկեղեցին դարձաւ նաեւ դիւանագիտական գործօն։ Գարեգին Նժդեհի բառերով՝ «Հայ Եկեղեցին մեր հոգեւոր բանակն է: Եկեղեցւոյ զանգակները մեր հողին ձայնն են: Առանց անոր՝ ազգը կորսնցուցած է իր խիղճը»: Իսկ Արամ Մանուկեան պիտի ըսէր՝ «Երբ ժողովուրդը ձրուեցաւ աշխարհով մէկ, միայն եկեղեցին պահեց անոր պատկանելիութիւնը: Եկեղեցին եղաւ մեր դեսպանատունը այն երկիրներուն մէջ, ուր պետկան դրօշ չունէինք»: Բոլոր դարերուն Եկեղեցին եղաւ հայ պետականութեան բարոյական յենարանը եւ ազգի միաւորող ուժը։ Չմոռնանք, որ ճակատագրական պահերուն, հոգեւորականութիւնը կանգնած է առաջին գիծի վրայ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ, սկսած Ղեւոնդ Երէցի՝ Վարդանանց Պատերազմի, Դանիէլ Վարդապետի՝ Դաւիթ Բէկի եւ Մխիթար Սպարաապետի մղած կռիւներուն, Տէր Աւետիս քահանայի, որ Հալիձորի պաշտպանութեան հրամանատարական կազմին մէջ էր, Եսայի Հասան-Ջալալեան Կաթողիկոսի՝ 18-րդ դարու Արցախի մելիքներու կողքին, երբ Գանձասարը դարձուց ազատագրական շարժումի քաղաքական-զինուորական կեդրոնը, Յովսէփ Արղութեան Եպիսկոպոսի՝ Ռուս-պարսկական պատերազմներու մասնակից եւ հայոց պետականութեան վերականգնումի գաղափարախօս, Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսի՝ ազատագրական շարժման գաղափարական առաջնորդ եւ Պերլինի Վեհաժողովի պատգամաբեր, հռչակաւոր «երկաթէ շերեփ»ի շեփորահար, Գարեգին Եպս. Յովսէփեանի՝ Սարդարապատի փառապանծ կռիւներուն, մինչեւ Արցախեան ազատագրութեան կռիւներու՝ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ բազում այլ եկեղեցականներու անուններուն, որոնք մեր ժողովուրդին ներշնչեցին հաւատք, յոյս ու կորով։
Անշուշտ եղած են պահեր երբ պետութիւն-եկեղեցի, նախարարական տուներ-եկեղեցի յարաբերութիւնները եղած են լարուած եւ միաժամանակ աղէտաբեր մեր ժողովուրդին համար: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ շատ կաթողիկոսներ հալածուած են ա՛յն պարզ պատճառով, որ խիզախութիւնը ունեցած են ընդդիմանալու այս կամ այն իշխանին, թագաւորին, անոնց անխոհեմ արարքներուն համար: Այն ինչ կը պատահի հայրենիքին մէջ այսօր, շատեր պիտի բնորոշէին նոյնկերպ: Նման պայքար ու բախում՝ կը տկարացնէ մեր հայրենիքին հիմերը եւ կը խախտէ հայուն հաւատքը՝ իր եկեղեցիին եւ հայրենիքին եւ կը ծառայէ՝ կամայ-ակամայ, «օտարին ջողացքին ջուր լեցնել»ու գործընթացին եւ աղանդաւորական շարժումներու աւելի համարձակ գործունէութեան։ Ինչքան ալ մութ, անորոշ ու մերժելի թուին այսօրուան անցուդարձերը եւ մեր ժողովուրդի ոչ-բարւօք իրավիճակը՝ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, բարոյահոգեբանական իր ճնշիչ ազդեցութեամբ, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, ես կրկին կը մէջբերեմ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հետեւեալ խօսքը, առիթով մը յայտնած. «բայց իրատեսութիւնը պէտք չէ մեզ առաջնորդէ յոռետեսութեան: Ամէն նահանջ մարդը կը մղէ նոր յառաջխաղացքի, ամէն տագնապ նաեւ ծնունդ կու տայ վերանորոգ տեսիլքի»։
Է. Եկեղեցւոյ Դերը Այսօր
21-րդ դարուն, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ իր կենսական դերը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, իր 2 Կաթողիկոսութիւններով եւ երկու Պատրիարքական Աթոռներով, հոգեւորին կողքին նաեւ կրթական, մշակութային, ընկերային թէ շինարարական գործունէութեամբ եւ Համաշխարհայնացման հոսանքին դիմաց, հաստատակամ իր առաքելութեան՝ պահել հայ հաւատքը, հայ լեզուն եւ հայուն ինքնութիւնը։
Հայ եկեղեցին սփիւռքի մէջ այսօր կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ. Այդ մարտահրաւէրները էապէս առնչուած են մեր գաղութներուն կենսունակութեան ու գոյատեւման հետ: Հակիրճ կերպով թուենք հիմնականները. Ա. Մշակութային ինքնութեան պահպանում՝ հայերէն լեզուի կորուստ, աղճատում, արեւմտահայերէնի տագնապ, Բ. Կրթական մարտահրաւէրներ եւ մարդուժի պակաս, Գ. Երիտասարդութեան հեռացում մեր եկեղեցիէն, դպրոցէն ու կառոյցներէն, Դ. Ազգային գիտակցութեան եւ աւանդութիւններու կորուստ, Ե. Որակաւոր եւ մասնագիտացած հոգեւորականութեան պակաս, Զ. Խառն ամուսնութիւններու ահաւոր աճ եւ ծննդաբերութեան նուազում, Է. Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւն եւ փոխադարձ վստահութեան վերահաստատում, Ը. Ֆինանսական եւ նիւթական դժուարութիւններ եւ այլազան մեծ ու փոքր մտահոգութիւններ, որոնց գծով, հայ եկեղեցին ըսելիք եւ ընելիք ունի:
Հարկ է վերահաստատել, թէ սփիւռքահայ կեանքի ամրութիւնը պայմանաւորուած է ազգային մշակոյթով եւ մշակութային արժէքներու պահպանումը, հարստացումն ու տարածումը անքակտելի կերպով շաղախուած են մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան հետ:
Եզրափակում
Եթէ նայինք 17 դարերու սպանդի, Եղեռնի, բռնագաղթի, տառապալից գոյերթի եւ մեր պատմութեան յարափոփոխ ընթացքին, կը տեսնենք, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին եղած է ոչ միայն կրօնական հաստատութիւն, այլեւ հայ ազգի ոգին եւ ողնաշարը։
Եկեղեցին տուաւ հայերուն իրենց առաջին ազգային ինքնութիւնը՝ Քրիստոնէութեան միջոցով։ Ան տուաւ այբուբէնն ու գրականութիւնը։ Ան պահեց լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային յիշողութիւնը դարեր շարունակ։ Ան գտնուեցաւ իր ժողովուրդին կողքին իր բարօր թէ ողբերգական ժամանակներուն, եւ շարունակեց առաջնորդել իր հօտը՝ բոլոր փուլերուն։ Լեւոն Շանթի բառերով՝ «Հայ եկեղեցին եղած է մեր մշակոյթին ծնունդ տուողը: Ան առանց պետական օժանդակութեան կրցաւ պահել հայ ոգին, լեզուն եւ դպրոցը;»
Հայութեան համար, հաւատքը երբեք անջատ չէ եղած ազգէն։ Եկեղեցին դարձած է Ազգին սիրտը:
Իսկ այսօր, Հայ եկեղեցին ունի իւրայատուկ դեր եւ պարտականութիւն: Եկեղեցին իր բարոյական հենքով՝ հայութեան միասնականութեան, համախմբման, հզօրացման եւ ապագայի հանդէպ հաւատքի վերակենսաւորման, հայ ժողովուրդի դատին ու հոգեւոր ու մշակութային արժէքներու պահպանման սատարողն ու գրաւականն է: Հայ եկեղեցւոյ դերը այսօր նոյնն է, ինչ որ էր դարերէ ի վեր՝ իր ժողովուրդին հետ, իր ժողովուրդին համար՝ «վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց»:
Ուրեմն, երբ խօսինք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասին, մենք չենք խօսիր միայն տաճարներու, ծէսերու կամ վարդապետութեան մասին։ Մենք կը խօսինք Հայաստանի մասին։ Եկեղեցին եւ ժողովուրդը մէկ պատմութիւն են՝ պատմութիւն հաւատքի, գոյատեւման եւ յոյսի։
Շնորհակալութիւն։
Խաչիկ Տէտէեան
Թորոնթօ, 9 Դեկտեմբեր 2025