ՀԱԼԷՊԻ ՔԱՀԱՆԱՆ…

Ո՞վ կը յիշէ Բերիոյ Հայոց Թեմին մէջ քահանայի մը ձեռնադրութիւնը, որ կատարուեցաւ քառասուն տարի առաջ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Տաճարին մէջ։

Է՜հ, յիշողութեան քաղցր էջերուն կը մնայ այդ մէկը, որովհետեւ արդէն քառասուն տարի անցած է թեմի այդ քահանայի ձեռնադրութեան։

22 Սեպտեմբեր 1985-ին, ձեռամբ Բարձրաշնորհ Տէր Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի՝ օրուան շինարար Առաջնորդին, Ներսէս Սարկաւագ Միքայէլեան կը ձեռնադրուի ամուսնացեալ քահանայ՝ խարտաւիլակութեամբ Տ. Զարմայր Ա. Քհնյ. Հինտոյեանի՝ վերանուանուելով Տէր Տաթեւ քահանայ։

Սկիզբն էր Հալէպի քահանայ Տէր Տաթեւի ծառայութեան, որ 34 երկար տարիներու վրայ տարածուեցաւ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս զանազան պաշտօններու ստանձնումով։ Ես ծնած չէի, երբ ան ձեռնադրուեցաւ եւ իր երեսունչորս տարուան ծառայութեան ընթացքին նոյնիսկ չէի լսած իր մասին։

Այնուամենայնիւ, Սեպտեմբեր 2019-ին, Տաթեւ աւագ քահանան կը միանայ Գանատայի Հայոց Թեմին՝ նշանակուելով Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ։ Իբրեւ նոյն եկեղեցւոյ զաւակ եւ անդամ, բախտաւորութիւնը ունեցած եմ ծառայելու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, գրեթէ բոլոր հովիւներուն ծառայութեան ժամանակ։ Ինծի համար միշտ ուրախութիւն եղած է ծանօթանալ նոր հոգեւորականի մը, որ այցելութեան կամ ծառայութեան կու գայ մեր քաղաք։

Երբ իմացայ, որ Հալէպէն քահանայ մը պիտի միանայ Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն, ուզեցի աւելին իմանալ անոր մասին։ Անոր ծառայութեան նուիրումն ու վաստակը հիացուցին զիս։

Ան զանազան Շքանշաններ ստացած է, եղած է գերագոյն մարմիներու ատենապետ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմը ներկայացուցած է համաշխարհային մակարդակի վրայ։ Թորոնթոն երբ լսեց Հալէպէն Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայի ժամանումին եւ Թորոնթոյի մէջ ստանձնած իր պաշտօնին մասին, Նոր Հալէպի եռանդ մը արթնցաւ Թորոնթոյի մէջ, շնորհիւ տէր հօր ծառայութեան վաստակին, նուիրումին, եւ Հալէպի մէջ բերած իր տարածաշխատանքին։

Թորոնթոն դարձաւ Նոր Հալէպ, ունենալով իր սրտին մէջ երազային Հալէպը. Հալէպ վերածնաւ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու…նոր քաղաքի մէջ, օտար հողի վրայ, բայց ծանօթ դէմքերով, ծանօթ շունչերով եւ ամենակարեւորը՝ծանօթ հովիւով։

Կիրակի, 21 Սեպտեմբեր 2025-ին, Տաթեւ Աւագ Քահանան իր յոբելենական քառասուն ամեակի Ս. Պատարագը մատուցանեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ մօտ հինգ հարիւր հայորդիներու։ Այդ օրը կարելի չէր անտարբեր մնալ պարզուած տեսարանին դիմաց, երբ թորոնթոհայութիւնը մօտեցաւ տէր հօր՝ շնորհաւորելու եւ քառասուն տարուան վաստակաշատ ծառայութիւնը պատուելու։

Աւետարանը կ՚ըսէ «Մշակը իր վարձքին արժանի է» (Ղկ. 10։7)։ Այո՛, Տէր Հայր, արժանի էք վարձատրութեան։ Ծառայեցի՛ք Հալէպ։ Այժմ կը ծառայէք Թորոնթո։ Կը մնաք օրինակելի մշակ, որովհետեւ ուր որ ծառայեցիք ձեր տիպարը եղաւ Քրիստոսը, մեր բոլորին Փրկիչը։

Սարգիս Սրկ. Կիտանեան

*Յօդուածը արտատպուած Գանձասարէն