Կ’ՈՒԶԵ՞Ս ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՏԵՍՆԵԼ

Երբեմն մեզմէ շատերուն սրտին մէջ հարցում մը կը ծագի. «Կրնա՞մ զԱստուած տեսնել»։ Ասիկա քրիստոնէական կեանքի ամենագլխաւոր հարցերէն մէկն , Որովհետեւ ի վերջոյ մեր հոգիներուն իրական խաղաղութիւնը ու ուրախութիւնը այս մէկ բանէն կախեալ է՝ Աստուած տեսնելը։

Ինչո՞ւ չենք կրնար տեսնել զԱստուած

Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ, թէ Աստուած «հոգի է» (Յհ 4։24)։ Այսինքն՝ անիկա մարմին չունի, ինչպէս մենք։ Ասոր համար մեր աչքերով չենք կրնար տեսնել Իրեն։ Աւելին՝ Աստուած անսահման սուրբ է։ Մարդիկ իրենց մեղքերուն պատճառով չեն կրնար մօտենալ Անոր լոյսին։ Մովսէս ուզեց Աստուծոյ դէմքը տեսնել, բայց հետեւեալ պատասխանը ստացաւ. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. Վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ» (Ել 33։20)։

Այսպէս՝ Աստուած եւ՛ անտեսանելի է, եւ՛ անմատչելի մեր մեղաւոր վիճակին պատճառով։

Բայց Աստուած չուզեց հեռու մնալ մեզմէ։ Իր սիրոյն շնորհիւ իջաւ մեզի մօտ։ Մարգարէներուն միջոցաւ խօսեցաւ, հրաշքներ գործեց, իսկ վերջաւորութեան՝ Ինք անձամբ եկաւ՝ Յիսուս Քրիստոսին մէջ։

Երբ Իր աշակերտներէն Փիլիպպոս ըսաւ Յիսուսին․ «Տէ՛ր, ցոյց տուր մեզի Հայրը եւ կը բաւէ մեզի», Յիսուս պատասխանեց․ «Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս։ Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայր տեսած եղաւ, ալ ի՞նչպէս կ’ըսես՝ «Ցոյց տուր մեզի Հայրը» (Յհ 14։9)։ Քրիստոս՝ անտեսանելի Աստուծոյ պատկերը (Կղ 1։15), դարձաւ Աստուծոյ դէմքը մեզի համար։ Անոր միջոցով Աստուած տեսանելի եղաւ։

Ուրեմն, եթէ կ’ուզենք զԱստուած տեսնել, պէտք է նայինք Քրիստոսին։ Սակայն, Քրիստոսի խաչելութենէն շուրջ 2000 տարիներ ետք, չենք կրնար Յիսուսը աչքերով տեսնել։ Բայց կրնանք զինք տեսնել հաւատքով։ Աստուածաշունչը կը վկայէ Քրիստոսի մասին, եւ երբ կ’ուզենք ճանչնալ Աստուծոյ Խօսքը ու հաւատքով կ’ընդունինք զայն, մեր հոգիին աչքերով կը տեսնենք Քրիստոսը։

Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ․ «Հաւատքով է որ կ’ապրինք, առանց զինք տեսնելու» (Բ. Կր 5։7)։ Իսկ այս հաւատքը մեզ կը փոխէ։ Երբ հաւատքով Քրիստոսը կ’ապրինք, քիչ-քիչ Անոր նման կը դառնանք՝ կը փոխակերպուինք (Բ. Կր 3։18)։

Սակայն, չկարծենք որ ամէն բան այսպէս եւ հոս կը վերջանայ։ Յիսուս օր մը աղօթեց, որ իր աշակերտները իր հետ ըլլան եւ Իր փառքը տեսնեն։ Քրիստոսը իր փառքին մէջ տեսնելը՝ մեր ցանկութիւնն ու յաւիտենական նպատակն է։ Աւետարանը կ’ըսէ. «Երբ Քրիստոս յայտնուի՝ իրեն նման պիտի ըլլանք» (Ա. Յհ 3.2)։ Այս է մեր յոյսը՝ օր մը աչքերով տեսնել ու բացուիլ այն փառքին, որ հիմա հաւատքով կը տեսնենք ու կ’ապրինք։ Բայց պիտի չտեսնենք իր փառքը յաւիտենականութեան մէջ, եթէ այս կեանքին մէջ հաւատքով այդ փառքը չապրինք։

Աշխարհը կը փորձէ մեր աչքերը գրաւել հազարաւոր բաներով, բայց ոչ մէկը կրնայ յագեցնել մեր հոգին։ Միայն Քրիստոսը, որուն մէջ Աստուած ինքզինք յայտնեց։ Մեր ապագայ երանութիւնը այսօրուան հաւատքով կը սկսի։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան