ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐԻՆ ԱՌԱԿԸ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Ա.Կր 1.25-30):

«Որովհետեւ Աստուած ի՛նքն է որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը» (Ա.Կր 1.30):

Քրիստոսով իրագործուած փրկութիւնը Աստուծոյ կանչն ու հրաւէրն է, որ աստուածային անչափ եւ անքննելի սիրոյն ցայտուն ցուցանիշն է:

Փրկութիւնը «Աստուծոյ պարգեւն է» (Եփ 2.8): Առատաբաշխ սիրոյ բարերարութեան հարազատ պատկերը ուրուագծուեցաւ Քրիստոսի անձով, քաւչարար եւ անյիշաչար սիրոյ վաւերական կնիքը հաստատուեցաւ Անոր խաչելութեամբ, Աւետարանին սրբադրոշմ պատգամը հռչակուցաւ Անոր պատուական արեան հեղումով: Հետեւաբար, փրկութիւնը Աստուծոյ սիրոյն նախաձեռնութեամբ սկզբնաւորուած ծրագիրն է, զոր կ’ընդգրկէ համակ մարդկութիւնը:

Պօղոս առաքեալ՝ «Քրիստոսի սպասաւորը» (Ա.Կր 4.1), հաւատքի «փորձառու ճարտարապետը» (Ա.Կր 3.10), ընդլայնուած մտայնութեամբ, խորաթափանց հայեցողութեամբ եւ իրապաշտ քննարկումով Կորնթոսի նորահաստատ եկեղեցւոյ զաւակներուն կը յայտնէ, թէ մարդկային չափանիշերով եւ իմաստասիրական տեսութիւններով կարելի չէ զԱստուած ճանչնալ, այլ Քրիստոսի՝ «Աստուծոյ իմաստութեան ու գիտութեան ամբողջ գանձարան»ին (Կղ 2.3) միջոցաւ:

Քրիստոսէն՝ «աներեւակայելի Գանձ»էն (Եփ 3.8) կը յայտնաբերուին երկնային անսպառելի գանձերը: Քրիստոսէն՝ «աշխարհի լոյսէն» (Յհ 8.12) կը հառագայթէ աստուածգիտութեան անստուեր լոյսը: Ահա թէ ինչու Ան կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը» (Յհ 10.7): Դուռը ներս մտնելու, մուտք գործելու միջոց է: Այս պարագային Քրիստոս միակ միջոցն է փրկութեան (Գրծ 4.12):

Մարդկային իմաստութեան նուաճումները իր բոլոր երեսներով անարժէք կը նկատուին, որովհետեւ փրկութիւնը Քրիստոսի հաշտարար միջամտութեամբ կատարուեցաւ (Կղ 1.20): Պօղոս առաքեալ նախապէս առաւելութիւն սեպած յատկութիւնները ոչինչ կը համարէ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին քով: Ան փրկութեան խորհուրդը Տիրոջմով եւ Անոր փրկարար խաչին զօրութեամբ պարծենալու անյետաձգելի հրամայական կը նկատէ, որպէսզի խորտակուի տգիտութեան պատնէշը եւ անոր փոխարէն Ս. Խաչով կենսագործուած լուսաւոր հորիզոնը ծիածանուի:

Փրկութեան ծրագիրը ծածուկ, անծանօթ եւ վերացական պիտի թուէր առանց Քրիստոսի երկնային ուսուցումներուն: Ան իմաստութեան լոյսով պայծառացնելու, հոգեկան հանգստութեամբ երջանկացնելու եւ աստուածային պատկերը վերագտնելու ուղին ընդգծեց ըսելով. «Ինձմէ սորվեցէք» (Մտ 11.29):

Տաթեւ Աւ․ Քհնյ. Միքայէլեան