ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՆՈՐ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2025-ին, նախագահութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Նոր Դասագիրքերու շնորհահանդէսը:

Ներկայ էին Ազգային բարերար եւ դասագիրքերու մեկենաս՝ Տիկին Շաքէ Կէօնճեան, դասագիրքերու հեղինակ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեան, հոգեւոր հայրեր, միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ, Կիրակնօրեայ Դպրոցներերու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը եւ աշակերտները:

Հանդիսավարներն էին՝ զոյգ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, արտայայտելով իրենց կապուածութիւնն ու սէրը Կիրակնօրեայ Դպրոցին հանդէպ: Ապա հրաւիրեցին իրենց քոյրերն ու եղբայրները երգելու Կիրակնօրեայ Դպրոցներու մաղթերգը:

Մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, փոխանցեց բաժանմունքի խօսքը, շեշտելով. «Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը պէտք է նկատուի ոչ թէ ընտրելի, այլ անբաժանելի մասնիկը հայ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ»:

Իր խօսքին աւարտին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բաժինը բերած էին այս Դասագիրքերու կազմութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքներուն:

Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը երգեցին «Նոր Ծաղիկ» մեղեդին: Ապա, Դպրոցի տեսուչ՝ Բարեշնորհ Թորոս Սարկաւագ Պապիկեան, ներկայացուց Կիրակնօրեայ Դպրոցի առաքելութիւնն ու կենսաւորութիւնը՝ կարեւորելով անոր պատմական արմատներն ու պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց. «Ժամանակին, երբ ընտանիքները հայախօս էին, հայ կրօնքն ու մշակոյթը բնականօրէն կը փոխանցուէր սերունդէ սերունդ, Կիրակնօրեայ Դպրոցը կարեւոր օղակ մըն էր այդ ժառանգութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ: Այսօր, երբ մարտահրաւէրները շատցած են, ազգային քրիստոնէական ինքնութիւնը սպառնալիքի տակ է, կորսուելու վախը կ’ապրինք ամէն օր, դպրոցներուն մէջ քրիստոնէական արժէքները չեն փոխանցուիր՝ Կիրակնօրեայ Դպրոցը ոչ միայն կարեւոր, այլ կենսական դեր ունի»:

Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը երգեցին «Երբ Սուրբ Հոգին իմ մէջ գործէ» երգը:

Ապա, Դասագիրքերու հեղինակ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեան ներկայացուց եռահատոր դասագիրքերու պատրաստութեան ամբողջ գործընթացը, խօսելով՝ դասագիրքի բովանդակութեան, աշախատանքային գրքոյկի եւ ուսուցիչի ուղեցոյցի մասին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, ուսուցիչ կամ հաւատացեալ, երբ սոյն երեք դասագիրքերը կարդայ, համարեայ կարդացած կ’ըլլայ ամբողջ Աստուածաշունչը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց, որ Աստուածաշունչը բոլորին կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը ըլլայ, այլապէս բոլորիս կեանքը ճահիճի չի վերածուի:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Տիկին Շաքէ Կէօնճեանը, Պարոն Արշաւիր Գաբուճեանը եւ Հայր Յակոբը կատարեցին գինեձօնի արարողութիւնը:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան վերարժեւորեց կրթական այս նոր նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը մեր համայնքային կեանքէն ներս: Ան ընդգծեց, որ Դաստիարակութիւնը հիմնաքարը կը կազմէ մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ սերունդներու գոյատեւման:

«Այս դասագիրքերը միայն էջեր չեն՝ այլ սերմեր են, որ ցանուած են մեր զաւակերուն հոգիներուն մէջ: Սերմեր՝ որոնք պիտի ծլին՝ հաւատքով, որոնք ջուր պիտի ստանան՝ աղօթքով ու ուսուցմամբ, եւ որոնք պիտի պտղաբերին՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ապա իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց՝ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանին, որ իր լուման դրաւ այս աստուածահաճոյ ծրագիրի իրականցման, ինչպէս նաեւ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեանին իր կատարած բծախնդիր աշխատանքին համար: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատեց Հայր Յակոբը, իր տարած աշախատանքին համար: Երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Անոնք որոնք կը փափաքին Դասագիրքերէն օրինակներ ունենալ, կրնան կապուիլ Ազգային Առաջնորդարան, գրելով՝ admin@armenianprelacy.ca հասցէին, կամ հեռաձայնելով՝ 514 856 1200 թիւին: