Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026-ի գիշերուան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ խաւարման ժամերգութիւնը հաւատացեալներու խուռներամ մասնակցութեամբ։
Արարողութեան հոգեպարար շարականներն ու երգեցողութիւնը առաջնորդեցին Սարկաւագաց, դպրաց եւ «Ազնաւորեան» դպրաց դասի անդամները, իսկ օրուան խորհուրդը ամփոփող աւետարանները կարդացին եկեղեցւոյ հոգեւորականներն ու սարկաւագները։ «Ուր ես մայր իմ» շարականը գեղեցկօրէն մեկնաբանեց Բժշկ. Ռազմիկ Սրկ. Պէպէճեան, որմէ ետք եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան իր պատգամը փոխանցեց։
Արարողութիւնը իր հանդիսաւոր աւարտին հասաւ ուշ գիշերին՝ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականի միահամուռ երգեցողութեամբ ու փառաբանութեամբ։







