Աւագ Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք.Չարեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն եւ փողերախումբին, Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, Պատանեկան Միութեան, եւ ներկայութեամբ Հայ Դատի անդամներուն, քաղաքական դէմքերու եւ աւելի քան 2500 հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան։
Ժամերգութեան աւարտին, տարիներու աւանդութեան համաձայն «Քրիստոսի Թաղման» թափօրը կազմուեցաւ, զորս առաջնորդեց ոստիկանական ջոկատն ու հրշէջներու նուագախումբը։
Թափօրէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Ան ըսաւ, որ մեր Տէրը թաղուեցաւ որպէսզի մենք ապրինք. Իսկ Տիրոջ թաղումը սովորական մարդու մը թաղումը չէր, այլ՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի։ Այդ անշունչ պառկածը կեանքի պարգեւիչն է, որուն լռութեան մէջ Յոյսի պատգամ կայ։ Տիրոջ համար աւարտած չէր ամէն ինչ։ Քարը գլորուած էր գերեզմանի մուտքին, բայց ոչ վերջնականապէս, որովհետեւ Քրիստոս մահը ճաշակեց, որպէսզի մենք կեանքը ճաշակենք։ Քրիստոս գերեզման իջաւ, որպէսզի մեղաւոր մարդը գերեզման իջնէ, հին մարդը թաղուի եւ նոր մարդը յարութիւն առնէ Քրիստոսով։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Քրիստոսի խաչափայտի մասունքով Սրբազան Հայրը օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որմէ ետք, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ, որմէ ետք օրհնուած վարդ, հաւկիթ եւ կարկանդակ ստացան Առաջնորդ Հօր ձեռամբ։



















