ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՊՐԱՑ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ 

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի թելադրութեամբ, Կիրակի 30 Նոյեմբեր 2025-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղէմիոս Առաքեալներու Տօնին առթիւ, Դպրաց Օրհնութիւն կատարուեցաւ, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի եւ մասնակցութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի եւ Սարկաւագաց Դասուն: